Թ. Շ.
ՓԱՐԻԶ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5ի յետմիջօրէին, գաղութի դպրոցական հարցերով նախանձախնդիր անդամները, Հայ մշակոյթի զարգացման ընկերակցութեան՝ APCAF-ի կողմէ հրաւիրուած էին Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ կրթարանին կից կառուցուելիք միջնակարգի, նաեւ ներկայի վարժարանին բարեկարգումը ընդգրկող շինարարութեան օրհնութեան եւ ծրագիրի ներկայացման հանդիսութեան:
Կէսօրէն ետք ժամը 3ին, շուրջ 200 հոգինոց բազմութեան մը ներկայութեան, Ֆրանսայի թեմակալ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, որ ծրագիրի նախաձեռնարկ եւ ներկայիս ալ ծրագիրը իրագործող APCAF-ի նախագահն է, օրհնեց այն տարածքը, ուր պիտի կառուցուի միջնակարգ դպրոցը: Նորվան արք.ին քով տեղ գրաւած էին հոգեւոր դասու անդամներ, ծրագիրին գլխաւոր բարերարը՝ Լիբանանէն Գէորգ Արապեան, որուն անունով ալ պիտի կոչուի դպրոցական համալիրը, Ալֆորվիլի ներկայ եւ նախկին քաղաքապետերը՝ ծերակուտական Լիւք Գարվունաս եւ երեսփոխան Ռընէ Ռուքէ, Ալֆորվիլի քաղաքապետի կցորդ՝ Ռիշար Անանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Փարիզի մօտ դեսպանորդ Վահագն Աթաբէկեան եւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
«Պահպանի»չէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան դիմացի մայթին վրայ գտնուող Սուրբ Մեսրոպ կրթարան, անոր յարկին տակ ունկնդրելու ծրագիրին պատասխանատուները՝ իրագործուելիք քայլերուն մասին:
Սրահը ծայրէ ծայր լեցուն էր: Պատուանդանին քով, ուրկէ խօսք առին օրուան պատկան դէմքերը, զետեղուած էր հսկայ պաստառ մը, որուն վրայ սփռուած պատկերներով կը տրուէին բացատրութիւններ:
Հանդիսավարութիւնը կը կատարէր APCAF-ի երիտասարդներու փաղանգէն Րաֆֆի Յակոբեան:
Ան խօսքը փոխանցեց ճարտարապետ Միրիամ Յակոբեանին, որ աւելի հանգամանալից կերպով ներկայացուց ծրագիրը: Բացատրութիւններ տուաւ գլխաւոր հինգ յատկութիւններուն՝ ապահովութեան, որակին, տնտեսականօրէն խնայողականին, հանգստաւէտ գործածութեան եւ ըստ կարիքի՝ բաշխումի փոփոխելիութեան, որոնցմով պիտի յատկանշուի կրթական նոր համալիրը:
Իրմէ ետք խօսքը տրուեցաւ Նորվան արք. Զաքարեանին, որ նախ եւ առաջ նշեց, թէ ինք հայերէն պիտի արտայայտուի (մինչ այդ պահը՝ բոլոր ելոյթները ֆրանսերէն էին), յարգելու համար օրուան հանդիսութեան խորքն իսկ, որ հայերէնի ուսուցման օճախի մը կառուցման կը վերաբերի: Գեղամ Գեւոնեան ֆրանսերէնի թարգմանեց սրբազանին խօսքերը: Նորվան արք. իր բաւական կարճ խօսքին մէջ յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ալֆորվիլի ներկայի եւ նախկին քաղաքապետներուն, Կարպիս æրբաշեանին, որու անձնական միջնորդութեամբ է, որ Գէորգ Արապեան կատարած է այս նուիրատուութիւնը: Ամբողջացնելէ ետք շնորհակալութիւններու ցանկը՝ ըսաւ, թէ յաջորդ անգամուան համար կը խոստանայ աւելի երկար ելոյթ մը՝ այդ մէկը վերապահելով սակայն բացման արարողութեան:
Իրեն յաջորդեց Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Գարվունաս, որ դրուատեց այս ծրագիրին կապակցութեամբ՝ Նորվան արք.ի հետեւողական աշխատանքը, անոր վճռակամութիւնը եւ թղթածրարին լաւ տիրապետումը: Քաղաքապետը շեշտեց դպրոցաշինութեան կարեւորութիւնը համայնքի մը համար՝ մանաւանդ անոր կենսունակութեան առումով:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ այս առթիւ Լիբանանէն ժամանած բարերար Գէորգ Արապեան, որ նոյնպէս արտայայտուեցաւ հայերէն: Հակառակ իր որոշ տարիքին, շատ կայտառ եւ զուարթախօս, ան ըսաւ, թէ Ֆրանսահայութիւնը երանելի գաղութ է՝ Նորվան արք.ի նման առաջնորդ մը ունենալով: Ան եւս դրուատանքով անդրադարձաւ այն երիտասարդ ուժերուն, որոնք ընդգրկուած են այս ծրագիրին մէջ: Ընդհանուր գիծերու մէջ բացատրեց, թէ ինչպիսի՛ հանգամանքներու բերումով որոշած է կատարել այս նուիրատուութիւնը, չվարանեցաւ նաեւ յիշելու որոշ մութ ուժեր կամ դէմքեր, որոնք իրեն հետ կապ հաստատելով, փորձած են տարհամոզել՝ իրեն թուելով այլեւայլ պատճառաբանութիւններ: Ինք այս մասին իր վճռակամութիւնը յայտնեց սա խօսքերով. «Եթէ էրիկ մարդ են, թող դէմս ելլեն»:
Ծրագրի ներկայացման աւարտին հանդիսականները հրաւիրուեցան դպրոցին բակը ընդունելութեան մը, ուր ջերմ զրոյցները դեռ տեւեցին շա՜տ երկար պահեր: Նաեւ ներկաները հրաւիրուեցան նուէրներ կատարելու՝ իրենց պահարանները նետելով այն տուփին մէջ, որ զետեղուած էր այս առթիւ պատրաստուած տեղեկատու շատ գեղեցիկ գրքոյկներու սեղանին վրայ: