ՓԱՐԻԶ.- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին Էքս-ան-Փրովանսի դատարանը կը քննարկէր Պուայէի օրինագիծը մշակած փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեանի եւ իր տասնեակ մը համակիրներուն դիմումը:
Այդ դիմումով փաստաբանը դատարանէն կը պահանջէր, որ ֆրանսական արդարադատութիւնը վարչապետ Ժան-Մարք Էյրոյին եւ Պուշ-տիւ-Ռոնի նահանգապետին պարտադրէ զօրակցիլ՝ ժխտողականութեան դէմ օրէնքին վաւերացման: Նաեւ 10,000 եուրոյի հատուցում կը պահանջուէր անցնող իւրաքանչիւր օրուան համար:
Դատարանը մերժած է դիմումը եւ աւելցուցած, թէ նոյնիսկ եթէ դիմումնագիրին մէջ դիմողներուն կողմէ նշուած իրաւաբանական կէտերը գործադրուէին, ատիկա լուծում պիտի չբերէր խնդիրին:
Փաստաբան Գրիգորեան դատական այս որոշումը կը մեկնաբանէր Հոկտեմբեր 14ի երեկոյեան Փրատոյի եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին: Կը սպասուի, որ ան Բեկանիչ ատեանին դիմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.