
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 17 հորիզոնականով բարելաւած է իր դիրքը ՖԻՖԱի ազգային հաւաքականներու վարկանշային ցանկին վրայ՝ գրաւելով 38րդ դիրքը:
Ասիկա Հայաստանի ազգային ընտրանիի արձանագրած լաւագոյն ցուցանիշն է: Ցարդ մեր հաւաքականի բարձրագոյն արդիւնքը եղած է 41րդ հորիզոնականը: Իր ներկայ ցուցանիշով Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը գերազանցէ տարածաշրջանի երկիրներու ազգային ընտրանիները՝ Վրաստանը 100րդ դիրքի վրայ է, Ատրպէյճանը՝ 88րդ, Թուրքիան՝ 40րդ: Ցանկը կը գլխաւորէ աշխարհի ախոյեան՝ Սպանիոյ հաւաքականը: