Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկը սկսած է «Հայ դասականներ» շարքի թուայնացումը: Ելեկտրոնային գիրքերու ցանկը արդէն հասանելի է եւ տեղադրուած է պաշտօնական կայքին վրայ, ուրկէ կարելի է ներբեռնել գիրքերը: Այժմ հիմնարկը սկսած է նաեւ հայալեզու ռուս դասականներու շարքի թուայնացման, եւ անիկա յառաջիկային հասանելի պիտի ըլլայ ընթերցասէրներուն:
Այս մասին տեղեկացուցած է www.armenianlanguage.am կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.