«Գիր Ու Գիրք Միայն Շօշափելի Ու Զգալի Ձեւեր Եւ Երեւոյթներ Չեն, Այլ Անոնց Մէջ Խօսուն Է Ամբողջ Ցեղը»
Վարեց՝ ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Որպէս ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի երկար տարիներու տնօրէն, կարելի՞ է ամփոփ ձեւով ներկայացնել վարժարանի ներկայ պատկերը:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Վարժարանը հիմնուած է 1976 թուականին, փոքրաթիւ աշակերտներով, իսկ այս դպրոցավայրը փոխադրուած է 1986ին: Տարուէ տարի աշակերտութեան թիւը աճելով, 1987ին վերածուած է լրիւ երկրորդական վարժարանի: Ներկայիս դպրոցը ունի մանկամսուրի բաժին, ինչպէս նաեւ՝ նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններ, աշակերութեան թիւը 715 է, ունինք զուգընթաց դասարաններ բոլոր կարգերուն մէջ: Ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ շուրջ 70 ուսուցիչներէ, դպրոցը կը պատականի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, հովանաւորուած է Կեդրոնական վարչական ժողովին կողմէ: Դպրոցին կարիքները կը բաւարարուին ծնողներու վճարած կրթաթոշակներով: Երբ դիմագրաւած ենք դժուարութիւններ, ինչպէս 2008-2009 տարեշրջանին, դպրոցի բարերարները, ինչպէս նաեւ Բարեգործականը, օգնութեան ձեռք երկարեցին, որպէսզի դպրոցը շարունակէ իր առաքելութիւնը առանց նիւթական մտահոգութիւններու:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ապագայ հայ մարդը պատրաստելու համար, յաճախ կը խօսուի հայ վարժարանի կարեւոր դերին մասին. ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի առաքելութիւնը ի՞նչ է այդ կապակցութեամբ եւ ի՞նչ հիմնական նպատակներ կը հետապնդէ անիկա:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Հայեցի դաստիարակութիւնը մեր դպրոցի ուսումնական ծրագիրին անբաժան մէկ մասն է: Աշակերտները ունին առնուազն օրական պահ մը, յաճախ երկու պահ հայերէն, հայոց պատմութիւն, կրօն: Լեզուի ուսուցման կողքին ապագայ հայ մարդը պատրաստելու աշխատանքներ կը կատարուին թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ տնօրէնութեան կողմէ: Մեր հիմնական նպատակն է դաստիարակել ապագայ տիպար քաղաքացին, պատրաստել նաեւ համայնքային կեանքին մասնակցելու պատրաստ ապագայ սերունդ, որ իր շրջապատին մաս պիտի կազմէ լայն իմաստով: Կը փափաքինք, որ մեր աշակերտները հետաքրքրուած ըլլան միութենական գործունէութիւններով՝ մարզական, մշակութային եւ քաղաքական աշխատանքներու մաս կազմեն, իրենց նախասիրած կազմակերպութիւններու միջոցաւ: Մեր հիմնական նպատակը պատրաստել է ապագայ հայ սերունդ, որ լաւատեղեակ է իր ազգային ժառանգութեան: Մենք աշխարհի ամենահին ժողովուրդներէն ենք եւ այս գիտակցութիւնը, այս զգացումը կ՛ուզենք փոխանցել նոր սերունդին, որպէսզի երբ դուրս գան օտար աշխարհ, իրենց հայութեամբ հպարտ զգան, գործածեն իրենց մայրենի լեզուն եւ մեր ազգային ժառանգութեան մասին հպարտութեամբ արտայայտուին ամէնուրեք:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Հայկական վարժարանը կը յատկանշուի հայկական մշակոյթի եւ բարքերու ծանօթացումով, հայկական պահանջատիրութեան ոգիի զօրացումով, վարժարանը ինչպիսի՞ ծրագիրներ մշակած է հայկական ոգին բարձր պահելու համար:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Հայերէնի դասապահերը միայն լեզուի եւ ընթերցանութեան պահեր չեն մեր դպրոցէն ներս, այլ աշակերտութեան ազգային ոգի եւ գիտակցութիւն փոխանցելու առիթ մեր նուիրեալ հայերէնի ուսուցիչներուն կողմէ: Երկրորդ՝ արտադասարանային գործունէութիւններով եւ աշակերտական ակումբներով, որոնք ունին իրենց ղեկավար ուսուցիչները, որոնք ունին պատասխանատուութիւնը այդ ա-կումբներու գործունէութիւնները հունաւորելու այս նպատակով, որն է՝ զօրացնել ազգային ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան ոգին աշակերտներուն մէջ: Ամէն տարի կը կազմակերպենք զանազան գործունէութիւններ, օրինակ՝ Սեպտեմբերին Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ, լրիւ օրը կը յատկացուի պանծացնելու մեր ազգային տօնը, դասարանային գործունէութիւններով եւ հաւաքներով, իսկ երեկոյեան, ծնողական միութեան կազմակերպած տօնակատարութեամբ, որուն կը մասնակցին մեծ թիւով ծնողներ եւ աշակերտներ: Յաջորդը մշակոյթի ամիսն է, Հոկտեմբերին, երբ լրիւ ամիսը կը նշենք մեր թարգմանիչները, պատմիչները, անոնց բերած նպաստը հայ մշակոյթի զարգացման: Ապա Փետրուարին կը կազմակերպենք Վարդանանցի եւ Արցախի հերոսամարտերուն նուիրուած գործունէութիւններ: Ապրիլին կը նշենք Բարեգործականի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումը: Այս եւ նման միջոցառումներով հայկական ոգին բարձր կը պահենք դպրոցէն ներս:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Իսկ վարժարանը ի՞նչ ուսումնական ծրագիրներու կը հետեւի:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Վարժարանի ուսումնական ծրագիրները կը հետեւին Քալիֆորնիոյ նահանգի գծած պայմաններուն եւ այս տարեշրջանին «Common Core» ուսումնական ծրագիրին, որուն մեր դպրոցը կը հետեւի կէտ առ կէտ: Այս նպատակով, մեր ուսուցիչները կը ստանան վերապատրաստութիւն՝ այդ ծրագրերը գործադրելու համար դասարանէն ներս: Նախակրթարանի կարգերուն մէջ, հիմնական նիւթերը՝ «Core Subjects» կը դասաւանդուին, իսկ միջնակարգ-երկրորդականի մէջ մենք ունինք մասնագիտական դասեր, յառաջացած մակարդակի դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ ընտրովի նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են աշակերտներուն համալսարանի պատրաստութեան համար:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Արդիական ի՞նչ միջոցներու կը հետեւի վարժարանը:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Մեր վարժարանի հոգաբարձութիւնը մեծագումար յատկացումներ կը կատարէ այս ուղղութեամբ, որպէսզի դպրոցը քայլ պահէ արդի ժամանակներուն հետ: Համակարգիչներու կողքին, դասաւանդման արդիական պայմանները կ՛ընդգրկեն նաեւ «Elmo», մեծ պաստառներ, ինչպէս նաեւ բոլոր դասարաններու մէջ «Smart Board»եր, որոնք առիթ կու տան ուսուցիչին ճոխացնելու դասաւանդութիւնը եւ աշակերտներն ալ մաս դարձնելու այս գործընթացին: Այս բոլորը՝ որպէսզի դպրոցը քայլ պահէ յառաջդիմութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ աշակերտներու մատուցուած ուսումնական ծրագրերը ըլլան ճոխացած, հարստացած եւ՝ աւելիով հասկնալի:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Ուսուցիչներուն վստահուած է աշակերտին փոխանցելու ուսումնական եւ կրթական բարձրագոյն մակարդակ, ի՞նչ մակարդակով կարելի է որակաւորել ձեր վարժարանի ուսուցիչները:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Մեր վարժարանի բոլոր ուսուցիչները համալսարանաւարտներ են, տիրացած ըլլալով նուազագոյն պսակաւոր տիտղոսին: Նոր ուսուցիչներու ընտրութիւնը երբ կը կատարենք, անպայման նկատի կ՛ունենանք իրենց մանկավարժական եւ համալսարանական պատրաստութիւնը, որակաւորումը եւ փորձառութիւնը, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ ուսուցիչներն են հիմնական լծակները աշակերտի յառաջդիմութեան եւ ապագայ յաջողութեան: Որքան ալ դպրոցը ունենայ գեղեցիկ շէնք, մշակուած ծրագիրներ, դարձեալ ուսուցիչն է, որ զանոնք պիտի գործադրէ եւ անհրաժեշտ գիտելիքներ փոխանցէ աշակերտութեան: Մեր կազմին մէջ ունինք տասը հայերէնի դասատուներ, որոնցմէ ութը ունին համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւն եւ մանկավարժական պատրաստութիւն: Բոլորն ալ պարբերաբար կը հետեւին ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրներու:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Իսկ միջդպրոցական որեւէ գործակցութիւն կամ նախաձեռնութիւններ կը կազմակերպէ՞ք, եթէ այո՝ ինչպիսի՞ աշխատանքներ են անոնք:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Կը մասնակցինք միջդպրոցական մի քանի գործունէութիւններու, ինչպէս՝ ՔԱՀԱՄի մարզական խաղերը, որոնք առիթը կու տան հայ աշակերտին հանդիպելու քոյր դպրոցներու աշակերտութեան: Կը մասնակցինք հայոց պատմութեան զարգացման մրցոյթին կազմակերպուած «Արարատ» տան կողմէ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, անցեալ տարի մեր դպրոցի թատերական խումբը պատրաստեց «Voices from the Genocide» խորագիրով կարճ բեմադրութիւն մը, զոր ուրախութեամբ մենք տարինք մինչեւ Օրենճ Քաունթիի հայ կեդրոն, այդտեղի Ազգային վարժարանի աշակերտութեան, ծնողներու եւ շրջանակին ներկայացնելու այս իւրայատուկ բեմադրութիւնը, գրուած եւ բեմադրուած աշակերտներուն կողմէ: Նոյնպէս ներկայացուցինք Փասատինայի երեք հայկական դպրոցներուն եւ հայկական Չարթըր դպրոցին մէջ: Պատրաստած ենք բեմադրութեան վիտէօն, որ շուտով պիտի ղրկենք բոլոր քոյր դպրոցներուն:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Վարժարանէն աւարտող աշակերտութիւնը, ընդհանրապէս, ի՞նչ մասնագիտութիւններու տէր կը դառնայ:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Աւարտելու վրայ ենք մեր դպրոցի 1200է աւելի շրջանաւարտներու յետհամալսարանական ուսման ընդգրկած ասպարէզներու եւ արձանագրած յաջողութիւններու վիճակագրութիւնը: Ցարդ, մեզի հասած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, կը պարզուի յետեւեալ պատկերը. առեւտրական ասպարէզներու կը հետեւին շրջանաւարտներուն 24 տոկոսը, առողջապահական ասպարէզներու՝ 1 տոկոսը, կրթական՝ 9 տոկոսը, իրաւաբանական՝ 9 տոկոսը, հոգեբանական՝ 7 տոկոսը, լրատուական՝ 6 տոկոսը, ճարտարապետական՝ 5 տոկոսը, ոստիկանական (law enforcement)՝ 5 տոկոսը, եւ զանազան ասպարէզներու՝ 20 տոկոսը:
Այս պատկերէն ի յայտ կու գայ, որ մեր դպրոցը, ինչպէս հայկական բոլոր վարժարանները, հայ նոր սերունդի փայլուն ապագայ կերտելու նպատակին մէջ ունի իրեն իւրայատուկ եւ յատկանշական տեղը:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Շրջանաւարտներուն քանի՞ տոկոսը վերադառնալով՝ կը նպաստէ վարժարանի վերելքին:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Դպրոցի ծնողներուն մէկ կարեւոր տոկոսը մեր շրջանաւարտներն են, որոնք ամուսնացած եւ ընտանիք կազմած են 1987էն ի վեր: Այս երեւոյթը մեր դպրոցի գոյատեւման նպաստող շօշափելի եւ գործնական քայլ մըն է. անոնք կը հաւատան հայ դպրոցին եւ իրենց զաւակները կը վստահին անոր խնամքին: Ունինք Շրջանաւարտից միութիւն, որ ամէն տարի հասութաբեր ձեռնարկներ կը կազմակերպէ եւ օգտակար կ՛ըլլայ դպրոցի վերելքին. օրինակի համար՝ նպաստած են ուսուցիչներու վերապատրաստութեան, ինչպէս նաեւ դպրոցի խաղավայրի բարեզարդման այս տարեշրջանին: Մեր աշակերտութեան վերի կարգերուն համար ունինք համալսարանի պատրաստութեան ծրագիրներ, ասպարէզային օր, երբ մեր շրջանաւարտները կու գան դպրոց եւ իրենց ասպարէզներու կապակցութեամբ բացատրութիւններ կու տան: Վերջապէս, մեր վարժարանի հոգաբարձութեան գործունեայ անդամներէն մէկը մեր դպրոցէն շրջանաւարտ է:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Տնտեսական այս դժուարին պայմաններուն մէջ, վարժարանը ունի՞ դրամական մարտահրաւէրներ, եթէ՝ այո, որոնք են, որ կը նպաստեն դիմագրաւելու համար այդ մարտահրաւէրները:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Տնտեսական մարտահրաւէրները առկայ են բոլոր հայկական դպրոցներու պարագային: Ի պատիւ մեր ծնողներուն կ՛ուզեմ այստեղ ըսել, որ դպրոցի պիւտճէին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ լրիւ բեռը կը հոգան մեր ծնողները, իրենց վճարած կրթաթոշակներով: Այսուհանդերձ, ունինք նաեւ մարտահրաւէրներ, մանաւանդ, երբ կը մշակենք նոր ծրագրեր: Smart Board-երու մասին յիշեցի քիչ առաջ, շուրջ 150,000 տոլարի հանգանակութիւն մը կայացաւ եւ ծնողներու սիրայօժար նուիրատուութիւններով գոյացաւ այդ գումարը: Մեր դպրոցի պատուարժան հոգաբարձութեան եւ գլխաւորաբար ատենապետին՝ պարոն Սինանեանին համար, դպրոցի նիւթական բարօրութիւնը առաջնահերթ մտահոգութիւն է, եւ միջոցներ կ՛ապահովեն, որպէսզի դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը առանց նիւթական մտահոգութիւններու: Վերջին տարիներուն դպրոցը ունի նաեւ տնտեսական յանձնախումբ, բաղկացած արհեստավարժ ծնողներէ: Վերջապէս, կ՛ուզեմ յիշել Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, որ միշտ պատրաստ է՝ իր բարերարներով փութալու դպրոցի օժանդակութեան:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Վստահ, որ քննադատութիւններ կը լսէք վարժարանի աշխատակազմի եւ կամ ուսուցիչներու մասին, ինչքանո՞վ արդար եւ իրաւացի կը համարէք անոնք:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Մեր ծնողներու թելադրութիւնները եւ դրական քննադատութիւնները կը նպաստեն դպրոցի յարատեւ բարելաւման, որպէսզի քայլ պահենք փոփոխուող ժամանակներուն հետ: Կը գործադրենք բաց դուռի քաղաքականութիւն՝ լսելու ծնողներուն կարծիքները եւ անոնց հետ գործակցելու ամէն տեսակէտով:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Վարժարանի յառաջիկայ տարիներու տեսլականը ի՞նչ է:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Շարունակել դպրոցի կրթական ծրագիրներու բարելաւումը եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու հրամայականը: Երաշխաւորել աշակերտներու ապահովութիւնը դպրոցի շրջափակէն ներս: Զարկ տալ դպրոցի հայեցի դաստիարակութեան:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ խօսքով կը ցանկանայիք եզրափակել մեր այս հարցազրոյցը:
ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.- Մեր աշակերտները ամէն առաւօտ կ՛արտասանեն Հայուն Ուխտը, որ կ՛աւարտի Սեւակի «Կանք, Պիտի լինենք Ու Դեռ Շատանանք» պատգամով: Բոլոր հայ դաստիարակներու եւ հայ դպրոցի հաւատացողներու երազն է, որ այս խոստումը սերունդներ ամբողջ շարունակէ հնչել Սփիւռքի հայկական վարժարաններու կամարներուն տակ: