ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թրքական առաջատար օրաթերթերէն մէկը հանդիսացող «Հիւրրիյէթ»ի համացանցային տարբերակի բաժանորդագրութեան բաժինին մէջ, պետութիւններու ցանկին վրայ ներառուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը (ԼՂՀ). այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը: Այս փաստը լուրջ անհանգստութիւն յառաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ:
««Հիւրրիյէթ»ի կողմէ մեծ անարգանք՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ» վերնագիրով, նշեալ նիւթին անդրադարձած է ատրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքը, որ նշած է, թէ այս հարցով կը զբաղի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Էլման Ապտուլլաեւ ըսած է, որ այս գծով պարզաբանում ստանալու համար, Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատունէն բացատրութիւններ պահանջուած են: Ապտուլլաեւի համաձայն՝ Պաքու կ՛ուզէ գիտնալ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անունը թերթի կայքին վրայ յայտնուած է սխալմա՞մբ, թէ այլ պատճառով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Կ’երեւի թէ՝
«Հիւրրիյէթ»-ի պաշտոնեան հայկական ծագում ունի իր մեծ մօրը կողմէն՝ եւ կը գիտակցի Արցախի Հայկականութեան վրայ.
Այսպիսի գիտակիցներ շատ կան՝ ի յուսախաբութիւն Ալիեւի.
Վահան Վանական, Զուիցերիա