«Ասպարէզ»ի արխիւներու թուայնացման նպատակին համար հանգանակութեան արշաւը կը շարունակուի:
Գաղութիս մէջ յայտնի, Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան անդամ, հաշուապահական յաջող գրասենեակի սեփականատէր Մհեր Տէր Օհաննէսեան եւ կինը՝ Սաթիկը, հազար տոլար նուիրելով՝ ստանձնեցին «Ասպարէզ»ի 1975ի բոլոր թիւերուն թուայնացման ծախսերը: Այդ տարին էր, որ Մհերն ու Սաթիկը ամուսնացան ու կազմեցին իրենց ընտանեկան օճախը:
Տէր Օհաննէսեաններու հոգատարութիւնը համայնքիս տարբեր կառոյցներու հանդէպ միշտ եղած է օրինակելի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Օղջոյնելի է հանդեպ Ասպարէզի հրատարկութեան գոյատեւման
Վարձքերնին Կատար․