ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կենդանաբանական պարտէզներու մէջ ամէնէն հետաքրքրական անկիւնները, ուր զբօսաշրջիկներ կը սիրեն այցելել, վայրենագոյն գազաններու եւ ցատկռտող կապիկներու յատուկ բաժիններն են: Կարծէք ասոնք են որ անակնկալներ վերապահած կ՛ըլլան այցելուներուն համար, մէկը վտանգաւոր արարքներու անակնկալներ, իսկ միւսը՝ զուարճալի արարքներու անակնկալներ: Անշուշտ միւս կենդանիներն ալ իրենց սորված խաղերը եւ զիրենք մարզողներու կողմէ ստացած դաստիարակութեան արդիւնքը կը ցուցադրեն դիտողներուն, սակայն ամէնէն աւելի անակնկալ մատուցողները կ՛ըլլան վերոյիշեալ տեսակները՝ ամէնէն վայրի գազաններն ու մանաւանդ կապիկները:
Ինչ կը վերաբերի մարդկային կեանքին, անակնկալ մատուցելու համար, մարդիկ նախապէս կը պատրաստուին: Յատկապէս երբ իրենց սիրած անձին կապուած առիթ կայ, նախօրօք նախապատրաստութիւններ կը տեսնեն, տնօրինումներ կը կատարեն, տարբեր մարդոց՝ մեծ թէ փոքր, պարտականութիւններ կու տան, յատուկ դասաւորումներով մասնաւոր պահը կը ստեղծեն անակնկալի եւ, ի վերջոյ, կ՛իրականացնեն զայն, զարմացնելով այն անձը, որուն համար պատրաստած էին այդ բոլորը:
Սա ծրագրուած անակնկալն է, որուն մասին քիչեր տեղեկութիւն կ՛ունենան, եւ մանաւանդ ատիկա գաղտնի կը պահեն անկէ, որուն համար կը պատրաստեն այդ անակնկալը: Կայ սակայն իսկական անակնկալը, որ ուղղակի պատահականութեան բերումով տեղի կ՛ունենայ: Ասիկա կրնայ դրական կամ ժխտական անակնկալ ըլլալ: Ժխտականի պարագային կը կոչուի չար դիպուած, իսկ դրականի պարագային լաւ զուգադիպութիւն կամ բարի բախտ:
Ծրագրուած անակնկալներու պարագային, բնականէն դուրս՝ զատորոշուող անակնկալներու շարքին կը դասուի ոմանց մօտ ի յայտ եկող այն երեւոյթը, որ առհասարակ կարելի է կոչել ուշադրութիւն գրաւելու երեւոյթ: Ասիկա ունի իր զանազան պատճառները անշուշտ: Թերեւս տուեալ անձը իր մանկութեան տարիներուն անուշադրութեան մատնուած է պատասխանատուներու, դաստիարակներու եւ կամ նոյնիսկ իր ծնողներուն կողմէ: Կամ, այնքան ինքնավստահ եղած է, որ զարմացած է ուշադրութիւն չգրաւելուն համար: Ասոնք մի քանի պատճառներն են միայն վերոյիշեալ երեւոյթի գոյառման: Վստահաբար շարքը կարելի է երկարել, երբ մարդու հոգեկան կազմաւորման մասին է խօսքը:
Ուշադրութիւն գրաւելու համար, երբ մարդ դիմէ տարբեր միջոցներու, որոնց շարքին նաեւ անակնկալներ, բնականաբար կրնայ սխալներ գործել, որոնցմէ ոմանք երբեմն անդարմանելի վէրքեր կը բանան եւ անջնջելի սպիներ կը թողուն: Մանուկներու նման ցատկռտող մարդոց հանդիպած էք հաւանաբար, եւ մտածած թէ՝ արդեօք այդ մարդիկը իրենց մանկութեան ցատկռտելու առիթ կամ ժամանակ չե՞ն ունեցած… Կամ, թերեւս հանդիպած էք տարեց մարդոց, որոնք մանկական խաղալիքներով կը զբաղուին:
Եւրոպական քաղաքներէն մէկուն կայարանին մէջ հանդիպած եմ վաթսուն տարիքը վաղուց անցուցած մարդու, որ գետնի վրայ ծունկի եկած, շոգեկառքի մանրակերտ երկաթուղին լարած, ատոր վրայի վակոնները քարշ կու տար, բերնով ալ ֆշշոցի ձայները եւ երկաթգիծին վրայ շոգեկառքի անիւներու կտկտոցը կը նմանակէր: Թերեւս այդ մարդուն մանկութեան միակ երազը նման խաղալիք ունենալն էր, որ հիմա կրցած էր ունենալ, երբ արդէն սպիտակած էին մազերը: Անպայման մտային խանգարում պէտք չէ՛ տեսնել նման երեւոյթներու պարագային, այլ իրավիճակը հասկնալ պէտք է փորձել, վերլուծել հոգեբանական կացութիւնը եւ եզրայանգումը կատարել ընդհանուր պատկերը ուսումնասիրելէ ետք միայն:
Տգեղութիւնը ոմանց մօտ ներքին մեծ բարդոյթներ կրնայ յառաջացնել, յատկապէս իգական սեռի պարագային, որոնց անհատական հմայքը արտաքին տեսքով նախ պայմանաւորուած կ՛ըլլայ, եւ ապա ներքին՝ հոգեկան պարզութեամբ կը բացատրուի: Բնութիւնը այդպէս տնօրինած է, եւ նոյնիսկ բանական էակ եղող մարդը, աչքով իր տեսածը նախ կ՛ընկալէ, ու ապա միայն զրոյցի ճամբով խօսակիցին իմացական գեղեցկութեան հաղորդ կը դառնայ:
Սակայն, զարմանալին այն է, որ ոմանք հակառակ իրենց տգեղ ըլլալուն, կը գործեն այնպիսի արարքներ, որոնք մարդոց գութը եւ հաճութիւնը իրենց վրայ հրաւիրելու փոխարէն, աւելի ատելի կը դարձնեն իրենց անձը: Դարձեալ, ուշադրութեան պակասի հետեւանք պէտք է համարել այդ յաւելեալ արարքները, որոնք այս տեսակի մարդիկ կը ջանան ցուցադրել, պարզապէս իրենց ներկայութիւնը փաստելու համար:
Պարսկերէն առածանիի գիրքին մէջէն քաղուած սոյն առածը ինչքան կը պատշաճի վերոյիշեալ բնաւորութեամբ մարդոց նկարագիրին. «Կապիկը ինչքա՛ն տգեղ՝ խաղերը այնքա՛ն շատ»:
Իսկապէս ալ, կենդանաբանական պարտէզներու մէջ կապիկներուն արարքներն ու ճչոցները այնքան ալ ծիծաղաշարժ պիտի չըլլային, եթէ անոնց չզուգակցէր երբեմն անոնց շատ ծիծաղելի դէմքը, անոր չափին անյարիր ականջներով ու դնչաձեւ եւ լայնանիստ բերանով, ու վարդագոյն լինտերու ցուցահանդէսով: Այդ դժ-բախտ համադրութիւնը չար բախտի արդիւնք պէտք է համարել այդ կենդանիին համար… Իսկ մարդկային կեանքի մէջ, ուր կայ բանականութիւն, պէտք է անպայման բաժանման պատ գծել այդ երկուքին միջեւ: Այսինքն՝ արտաքին տեսքին ու կատարածին, որ խօսակցական լեզուի մէջ «կապիկութիւն» կը կոչուի, բառը առնելով վերոյիշեալ կենդանիին ծիծաղաշարժ արարքներէն:
Յատկապէս որոշ զարգացում ունեցողներու պարագային գիտակցութիւնը պէտք չէ՛ թոյլ տայ, որ մարդ իր սահմանները անդրանցնի, կամ չճանչնայ այն սահմանափակութիւնը, որ իր իմացական կարողութեան գծած շրջանակն է իր անձին շուրջ: «Ինքնաճանաչողութիւն» բառը միայն մարդ էակին համար կարելի է օգտագործել: Անասունը զրկուած է զայն հասկնալու շնորհքէն: Իսկ այն մարդը որ ինքնաճանաչողութիւն ունենալու դժուարութեան դիմաց կը գտնուի, դժուար կ՛ըլլայ անոր ճանչցնել որեւէ բան, որ այս տիեզերքին մէջ կը գտնուի: Ան չի հաւնիր ոչ մէկ բան, որովհետեւ նախ ինքզինք չի՛ ճանչնար, ինքնաճանաչողութեան յատուկ հոգեկան զգայարանքէն զուրկ է…
Ուրեմն, տգեղութիւնը երբեմն պատճառ կը դառնայ որ իր «կապիկութիւնները» աւելցնէ մարդ: Տգեղութիւնը, սակայն, եթէ կապիկին պարագային բացայայտ է, մարդու պարագային կրնայ ներքին՝ հոգեկան ըլլալ, ու դարձեալ պատճառ հանդիսանալ, որ տուեալ անձը իր «կապիկութիւնները» շատցնէ, ճշմարտելով պարսկերէն առածը՝ «Կապիկը ինչքա՛ն տգեղ, խաղերը այնքա՛ն շատ»:
Միշտ ժամանակաւոր բնոյթ եւ սահմանափակ տարողութիւն ունեցած են մարդոց կողմէ կատարուող կապիկութիւնները: Դարձեալ անոնք նման են կապիկին կատարած ծիծաղաշարժ արարքներուն, որոնք երբեմն մէկ ակնթարթի մէջ կը սահմանափակուին, երբեմն ալ մինչեւ մի քանի վայրկեան կը տեւեն, համաձայն այդ պահուն ունեցած անոր տրամադրութեան:
Ինչքան ալ Տարուին փորձեց հաստատել, թէ մարդը կապիկէն յառաջ եկած է, սակայն կը տեսնենք, որ կապիկները շատ բան կը սորվին մարդոցմէ, ու յաճախ ատոնք է, որ կը կրկնեն անդադար: Լաւագոյնը պիտի ըլլար ո՛չ կապիկին սորվեցնել ընելիքը, ո՛չ ալ անոր կապիկութիւնները կապկել: Բանաւոր էակին հոգեկան գեղեցկութիւնը չի՛ թոյլատրեր այդ: