ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբը 3 դէմ եւ 2 թեր ձայներու յարաբերակցութեամբ մերժեց «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծը քառօրեայ իր նիստերու օրակարգին մէջ ընդգրկելու առաջարկը։ Երեք պատմագաւորներ չմասնակցեցան քուէարկութեան։
Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը «Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին» օրէնքի նախագիծը քննարկման ներկայացուցած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբին։ Յանձնախումբի նիստին ընթացքին զեկուցողն էր Զարուհի Փոտանջեան, որ չհամաձայնեցաւ քուէարկութիւնը յետաձգել, որուն իբրեւ արդիւնք օրէնքի նախագիծին ներառումը մերժուեցաւ։
Մինչ այդ, այս մասին կատարուած քննարկումներուն ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարդ Քոչարեան յայտնած էր. «ԵԱՀԿ Մինսկի խումբն այն ձեւաչափն է, որի միջոցով Հայաստանը փորձում է հասնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորմանը: Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններում առաջնորդւում ենք Մինսկի խմբի առաջարկած պայմաններով, որոնք են՝ հարցի խաղաղ կարգաւորումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ժողովուրդների ինքնորոշումն ու իրաւահաւասարութիւնը»։
Ան նշած է, որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի միակ նպատակը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հասնելն է, սակայն ներկայ դրութեամբ նպատակայարմար չէ, որ Հայաստան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Ան համաձայն չգտնուեցաւ Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի արտայայտած այն միտքին հետ, թէ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը կարելիութիւն պիտի տայ Արցախի ներկայացուցիչներուն՝ ներառուելու բանակցային գործընթացին մէջ: «Եթէ Հայաստանը հիմա ճանաչի Արցախի անկախութիւնը, ոչ թէ Արցախը կը դառնայ բանակցային գործընթացի մի մասնիկը, այլ բանակցային գործընթացը կը փլուզուի, ուստի այս պահին նպատակայարմար չէ, որ Հայաստանը դիմի այդ քայլին», հաստատած է Քոչարեան՝ ընդգծելով, որ նպատակայարմար չի նկատեր նաեւ Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստերու օրակարգին վրայ հարցին ընդգրկումը:
Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան նշած էր, որ Հայաստանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հարցը կուսակցական խնդիր չէ, այլ ոեւէ հայ մարդու խնդիրն է: Ան կոչ ուղղեց պատգամաւորներուն՝ մէկ կողմ դնելու կուսկացական կողմնորոշումները եւ ստանձնելու Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման պարտաւորութիւնը: Զարուհի Փոստանջեանի համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման պարտաւորութիւնը պէտք է կրէ այս Ազգային ժողովը: «Մենք պէտք է գիտակցենք, որ առանց Հայաստանի Հանրապետութեան չկայ Արցախի Հանրապետութիւն, առանց Արցախի Հանրապետութեան չկայ Հայաստան, ուստի անհրաժեշտ է, որպէսզի մենք մեզ վրայ վերցնենք այս պարտականութիւնը՝ մի կողմ դնելով կուսակցական պատկանելութիւնը եւ առաջնորդուելով սեփական ցանկութիւններով», շեշտած է ան։
Պատասխանելով Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի այն հարցումին, թէ Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը բանակցային գործընթացի վրայ ինչպիսի՞ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ՝ Զ. Փոստանջեան ըսած է, որ նման որոշում որեւէ վտանգ չի ներկայացներ: «Արցախի Հանրապետութիւնը ճանաչելով՝ մենք կը հասնենք միայն նրան, որ Արցախի իշխանութիւնները եւս բանակցային գործընթացին մասնակցելու հնարաւորութիւն կը ստանան», նշած է ան՝ ընդգծելով, որ Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը նախագիծին մէջ վտանգաւոր ոչինչ կը տեսնէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումը չ՛առաջնորդե՞ր Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակումի, Փոստանջեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան այս պահուն պատրաստ չէ ռազմական գործողութիւնների: «Ես համոզուած եմ, որ եթէ Ադրբեջանը պատրաստ կը լինի ռազմական գործողութիւնների, նա կը դիմի ագրեսիայի՝ ակախ նրանից ճանաչել է Հայաստանն Արցախի անկախութիւնը, թէ ո»չ, ըսած է ան։
Մինսկի խումբի ձեւաչափին վերաբերեալ Փոստանջեանը դիտել տուած է, որ անիկա կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ, երբ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչնները մաս կազմեն անոր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.