ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) «Եռեակ»ի եւ Եւրոմիութեան նախարարներու խորհուրդը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Մինսկի խմբակի համանախագահներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորում եւ քաղաքական լուծում ապահովելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը խթանելու գործին մէջ:
Ըստ ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքին՝ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին, Լիւքսեմպուրկի մէջ կայացած է ԵԱՀԿ «Եռեակ»ի (ներկայ, նախորդ ու յաջորդ նախագահներ) եւ Եւրոմիութեան նախարարներու խորհուրդի նիստը՝ համանախագահութեամբ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժարայի ու Եւրոմիութեան նախագահութիւնը ստանձնած Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լինաս Լինքեւիչիուսի:
Հանդիպման նպատակն էր կառոյցներուն միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան պահպանումը, յատկապէս՝ տարածաշրջանային ապահովական հարցերու պարագային: Նախարարները իրենց քննարկումները կեդրոնացուցած են ԵԱՀԿի տարածաշրջանէն ներս հակամարտութիւններուն վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.