ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ լոյս տեսած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ» եռահատոր գիրքին անգլերէն տարբերակը: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը: Անոր համաձայն, գիրքին մէջ տեղ գտած են Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներու պատմութիւնները, որոնք հաւաքուած են 1916 թուականին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի նահանգներու քարտէզները՝ անգլերէնով: «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ» եռահատորեակի հայերէն տարբերակը մեծ հետաքրքրութիւն էր առաջացրել Թուրքիայում: Մենք որոշեցինք «Վան» հիմնադրամի հետ միասին տպագրել գրքի անգլերեն տարբերակը: Այն լոյս կը տեսնի 1000 օրինակով, իսկ պահանջարկի դէպքում տպաքանակը կ.աւելացուի», յայտնած է Վիրապեան՝ դիտել տալով, որ ապագային անոնք կը թարգմանուին նաեւ թրքերէնի եւ ֆրանսերէնի:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ արխիւի յառաջիկայ ծրագիրներուն՝ Վիրաբեան յայտնած է, որ շուտով պիտի տպագրուի այլ աշխատութիւն մը, որ կը վերաբերի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ժողովուրդի նիւթական կորուստներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.