ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սիւնիքի մարզի Մուցք գիւղի ոսկիի հանքավայրի գնահատման աշխատանքները թեւակոխել են երկրորդ հանգրուան: Այս մասին յայտնած է «Օրոկըն կոլտ» ընկերութիւնը:
Ոսկի արդիւնահանող ընկերութիւնը Հոկտեմեբերին 650 հազար ֆունտ սթերլինկով աւելցուցած էր ծախսերը՝ հորատաման աշխատանքները արագացնելու համար:
Կը նախատեսուի, որ պաշարներու առաջին գնահատականը պիտի տրուի մինչեւ 2014 թուականի աւարտը: Ընկերութիւնը կ՛ակնկալէ, որ հորատման աշխատանքներուն զգալի մասը պիտի կատարուի 2014ին:
Օգոստոսին «Օրոկըն կոլտ» ընկերութիւնը հաստատած էր Մուցք գիւղին մէջ ոսկիի նոր հանքի յայտնաբերման լուրը՝ հաղորդելով, որ տարածքին մէջ սպասուածէն աւելի շատ ոսկիի պաշարներ յայտնաբերուած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.