ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շուտով կարելի է գտնել, որ մէկ տառի փոփոխութեամբ, «սարդ» բառը կը դառնայ «մարդ»: Անշուշտ այդ միջատին համար կարելի չէ՛ ըսել, թէ մարդը անկէ սերած է, ինչպէս կապիկին հաշւոյն մինչեւ այսօր կը փաստաբանեն ոմանք: Սակայն մարդկային որոշ տեսակի խառնուածք կամ բնաւորութիւն կայ, որ շատ նման է սարդի բնազդին:
Սարդը ի՛նչ չափի ալ ըլլայ, միշտ պժգալի ըլլալուն, զզուանքի մօտեցում կը ցուցաբերեն մարդիկ անոր նկատմամբ: Բնականաբար, երբ գիտենք, թէ սարդի որոշ տեսակներ նաեւ թունաւոր կ՛ըլլան, ու անոնց խայթոցը կրնայ մահացու հարուած հասցնել մեր կեանքին, ուրեմն աւելի՛ զգուշաւորութիւն ցոյց կու տանք այդ միջատին նկատմամբ:
Տարբեր ժողովուրդներու մօտ կան նաեւ տարածում գտած որոշ նախապաշարումներ, որոնք սարդէն կը զգուշացնեն մարդը: Օրինակ, առածը կ՛ըսէ, թէ «գիշեր ատեն սարդ մի՛ սպաններ»: Թէ ինչո՞ւ, կամ ի՞նչ վնաս կրնայ բերել այդ արարքը մարդուն, բացատրուած չէ՛: Սակայն, նախապաշարումները ընդհանրապէս ազդարարութիւններ են՝ գալիք հաւանական վտանգէ մեզ զգուշացնող: Հաւանաբար անցեալին պատահեր է, որ մէկը գիշեր ատեն սարդ սպաններ է, ու յանկարծ վատ բան պատահեր է իրեն, կամ իր հարազատներէն մէկուն թէ միւսին: Այդ արդէն հիմք ծառայած կրնայ ըլլալ նախապաշարման համար, որ անիկա գայ ու կառուցէ իր երեւակայական շէնքը, ու տարուէ տարի եւ դարէ դար իր յոռետեսական յարկերը բարձրացնէ ատոր վրայ:
Մէկը պիտի ըսեր, որ արդէն վտանգաւոր սարդերը կամ անոնց թունաւոր տեսակները գիշեր ատեն դուրս կու գան, ու յաճախ առաստաղներու անկիւններուն կը դիրքաւորուին, հաւանական որս գտնելու յոյսով: Այսինքն զանոնք ցերեկ ատեն գտնելը դժուար պիտի ըլլար, ուստի զանոնք սպաննելու եւ անոնց խայթոցէն փրկուելու լաւագոյն առիթը գիշերուան պահն է: Տեսնուած է, թէ ոմանք ինչքան «հերոսութեամբ» հողաթափով կը ծեծեն շա՜տ մեծ թուացող սարդը, որ իր վրայ իջնող հարուածներուն ազդեցութեան տակ այնքան կը կծկուի, որ փոքր գունդի կը վերածուի:
Սարդերու տեսքէն, մանաւանդ անոնց մեծ տեսակներու փշոտ ու անողորկ ոտքերէն զզուող մարդիկ բնաւ ալ չեն խղճահարուիր, երբ տեսնեն անոնց առաստաղէն վար իյնալն ու սարսափահար փախուստի դիմելը: Ընդհակառակը, կը քաջալերեն զայն հալածողը, որպէսզի անպայման սպաննէ զանիկա, ու մինչեւ որ սպաննուած չտեսնեն, չե՛ն հանգստանար: Որոշ անձեր ալ կը սարսափին սարդին խորհրդաւորութենէն: Երբեմն իր ոստայնին վրայ սատկած ըլլալու տպաւորութիւն թողելը, իսկ երբեմն ալ մեծ արագութեամբ առաստաղին մէկ ծայրէն միւսը շտապելը, ոմանց համար աւելի խորհրդաւոր կը դարձնեն այս միջատը, որ անտեսանելի աչքեր ունենալով հանդերձ, ամէն ինչ կը տեսնէ, եւ անյայտ ականջներ ունենալով՝ ամէն ինչ կը լսէ, ու ըստ այնմ կը կողմնորոշուի ճարտարօրէն:
Մարդուն զգացած վախը, որ սարդին կողմէ թունաւորուելէ յառաջ կու գայ, յատկապէս հետեւանքներուն մասին երբ մտածենք, արդարացի կը նկատուի: Որոշ երկիրներու հիւանդանոցներ զրկուած են սարդերու խայթոցներուն հակազդող ու զանոնք չէզոքացնող հակաթոյներէ: Ուրեմն, վախը շատ բնական երեւոյթ է սարդի խորհրդաւոր յարձակումներուն դիմաց: Սակայն, պէտք է կենդանաբոյծներուն եւ մասնագէտներուն հարց տալ, թէ՝ արդեօք սարդն ալ վախի զգացում կ՛ունենա՞յ ի տես զինք հալածող մարդոց:
Ինչպէս տարբեր կենդանիներու, սարդերու ալ բնազդին մաս կը կազմէ վախի զգացումը: Հաւանական յարձակումի եւ իրեն սպառնացող նուազագոյն վտանգի դիմաց, կենդանիները ունին պաշտպանուելու բնազդային նախազգացումը, ինչպէս նաեւ «զէնքեր»՝ դիմադրելու համար: Մէկուն լորձունքը, միւսին փուշը, մէկ ուրիշին կոտոշը, մէկուն յօշոտող ակռաները, միւսին ուժեղ մկանները, մէկ ուրիշին թոյնը կամ խայթոցը, ինքնապաշտպանութեան համար տրուած զէնքեր են կենդանիներուն: Ուժի դէմ ուժ ցուցադրելու բնական զգացումը, կենդանիներու բնազդին մաս կը կազմէ: Մինչեւ անգամ խեղճ կենդանի նկատուող գառնուկը կամ ուլիկը, իրենց ոտքը գետին քսելով փոշի կը հանեն, ինքնապաշտպանութեան դիմելու պատրաստ ըլլալնին ցոյց տալու եւ վախցնելու իրենց վրայ յարձակիլ ուզող գազանին:
Այստեղ, սակայն, երկրորդ հարց կը ծագի. սա՞րդն է մարդէն վախցողը, թէ՞ մա՛րդը՝ սարդէն… Ըստ երեւոյթին, երկուքն ալ իրարմէ կը վախնան: Բայց, բնազդաբար եւ իսկապէ՛ս վախցողը սարդը ի՛նք է: Մինչ մարդը տրամաբանութիւնը օգտագործելով կրնայ մասնաւոր հնարքներու դիմել, կա՛մ սպաննելու, եւ կամ՝ քշելու ու հեռացնելու զայն իր բնակութեան սահմաններէն:
Այս կեանքի բարոյագիտական նիւթերով հարուստ գիրքի էջերուն մէջ կը հանդիպինք սարդի բնազդին շատ մօտիկ բնաւորութիւն ունեցող մարդոց: Անոնց հետ որեւէ գործի պարագային, չե՛ս գիտեր թէ դո՞ւն կը վախնաս իրենցմէ, թէ իրենք քեզմէ: Սակայն մէկ բան յստակ կ՛ըլլայ, որ երկուստեք վախ կայ: Որեւէ գործի ձեռնարկելու պարագային, միշտ ալ կ՛ըլլան նախաձեռնողներ, կամ աւելի ազդու բառով՝ նախայարձակ եղողներ: Ինչպէս ժողովուրդը կÿըսէ՝ պէտք է նետուիլ գործի մէջ, յաջողելու համար: Նման պարագաներու, միշտ ալ մարդկային սարդեր կանգնած կ՛ըլլան իրենց հիւսած ոստայններուն կեդրոնը կամ ատոր մէկ ծայրը: Անոնք թէեւ սատկածի տեսքով, սակայն միշտ պատրաստ են կուլ տալու իրենց թակարդը ինկողները: Եթէ մօտենաս օգնելու, յանկարծ կը տեսնես, որ հեւ ի հեւ կը փախչին, նոյնիսկ թողելով իրենց տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը եղող ոստայնը:
Մարդկային խառնուածքներու մէջ իրայատուկ է այս բնաւորութիւնը, որ ո՛չ քաջութիւն եւ ո՛չ ալ վախկոտութիւն կարելի է անուանել: Երկուքին միջեւ է այդ կա-ցութիւնը, ուր յայտնի չեն վախցնողին եւ վախցողին սահմանները: Փաստօրէն երկուքն ալ իրարմէ կը վախնան, սակայն տարբեր ժամանակներու: Այսինքն՝ երբեմն առաջինն է վախցնողը ու երկրորդը վախցողը, եւ երբեմն ալ ճիշդ հակառակը… Սարդի բնազդին նմանող բնաւորութեամբ մարդիկ իրենց յաջողելու ժամանակը ունին, նման սարդին, որ անպայման իր ոստայնին մէջ յանկարծ կը գտնէ կպչուն լարերուն փակած որս: Անմիտ մժեղներ շա՜տ, որոնք ամբողջ օրը ասոր անոր ականջին շուրջ տզզալով կ՛անցընեն, ու յանկարծ կը բռնուին անշարժ ու աննկատ նստած սարդին աներեւոյթ ոստայնին մէջ: Իսկ սարդը շրջապատը լաւապէս ստուգելէ ու տեսնելէ ետք թէ վտանգ չկայ, շուտով կը մօտենայ որսին, ու արագ շարժումներով անոր շուրջ իր արծաթեայ պարկը կը հիւսէ, բերնէն արտաբերած թելերը ճարտարօրէն բանելով, որպէսզի մօտ ապագային մեծ ախորժակով արիւնախում ընէ զայն:
Սարդը բնաւ չի՛ խղճահարուիր, երբ տեսնէ իր ոստայնին մէջ տանջալից տապլտկող ոեւէ էակ: Նոյնիսկ անոր մէջ կը բռնուին երբեմն ժիր մեղուներ, որոնք իրենց փեթակները խորիսխով լեցնելու փութաջան աշխատանքի ու վազքի պահուն, յանկարծ կ՛իյնան սարդին ոստայնին մէջ: Սարդը բնաւ չի՛ նայիր թէ ո՞վ է այնտեղ տանջուողը: Ինք իր գործը գիտէ: Սակայն, վախնալով մեղուին խայթոցէն, զգուշութեամբ կը շարժէ իր բազմաթիւ ճկուն ձեռքերը, նախ չէզոքացնելու համար մեղուին այդ կարողութիւնը: Վախկոտ սարդին քաջագործութիւնը… Սարդի բնաւորութեամբ մարդիկ ալ նոյնը կ՛ընեն: Վախով կը շարժին, սակայն՝ ընելիքնին կ՛ընեն: Իսկ մարդը, երբեք պէտք չէ՛ վախնայ ո՛չ սարդէն, ո՛չ ալ անոր նմանէն: