
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի առեւտրական բնագաւառը աշխուժացնելու նպատակով ֆրանսահայ աւելի քան 40 գործարար ու ներդրող հաւաքուած են մէկ յարկի տակ: 25 Հոկտեմբերին ֆրանսահայ գործարարներու տնտեսական համաժողովին ընթացքին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանը այսօր աշխատատեղերու կարիք ունի, եւ այդ հարցի լուծման իմաստով մեծ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Ֆրանսան: «Հայաստանը հնարաւորութիւնների երկիր է: Եկէք եւ օգտագործէք այդ հնարաւորութիւնները: Հայաստանի հարկային եւ մաքսային քաղաքականութիւնը գնալով կատարելագործւում է: Մենք պէտք է հասնենք այն բանին, որ բիզնեսն աւելի ակտիւանայ», ֆրանսացի գործարարներուն դիմելով յայտնած է Յակոբեան։
Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտենի համաձայն, Ֆրանսայի եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը՝ հիմնուած բարեկամութեան եւ համերաշխութեան վրայ, պիտի շարունակուի։
Հայաստանի տնտեսութեան փոխնախարար Տիգրան Յարութիւնեանը ֆրանսահայ գործարարներուն հաւաստիացուց, որ Հայաստանը ներդրումներ կատարելու առումով վստահելի է:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն Հայաստանի համար տնտեսութեան զարգացումը կարեւոր մարտահրաւէր կը նկատէ՝ շեշտելով, որ պէտք է զայն յաղթահարել։ «Մեր տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը բաւական նշանակալից է, եւ արժէ զարգացնել այդ հնարաւոր տարբերակը երկու երկիրներուն համար», աւելցուցած է դեսպանը։
Համաժողովին ընթացքին գործարարները արդիւնաւէտ եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան կարելիութիւններ ունեցան՝ իրարու ծանօթացնելու իրենց գործունէութեան ոլորտները, քննարկելու համագործակցութեան կարելիութիւններն ու հեռանկարները: