
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Անհասկնալի էր, մթնոլորտին մէջ վարակիչ ջերմութիւն, խանդավառութիւն կար անպատճառ, որ Փարիզի զանազան շրջաններէն փութացած էին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5ին, ներկայ գտնուելու Ալֆորվիլի դպրոցաշինութեան աշխատանքներուն նոր թափով սկսելու օրհնութեան արարողութեան: Արդէն, անոնք բաւական յառաջացած են: Ամրանալու ընթացքի մէջ են նոր վաժարանին 36 խորհրդանշական սիւները, որոնք այբուբենի աղիւսակէն մեկնելով, ամէն մէկ տառ՝ սիւն դառնալով, պիտի կառուցանեն շէնքը, լեզուն, նոր սերունդը եւ ապագան:
Անսպասելի, անսովոր անակնկալներու պսակ մը էր, որ փարիզահայ հանրութեան հրամցուեցաւ, Ալֆորվիլի հայկական վարժարանի օրհնութեան արարողութեան առիթով: Առաջին անակնկալը՝ լիբանանահայ բարերար Գէորգ Արապեանի ներկայութիւնն էր: Գէորգ Արապեան բարերարի «ֆենօմեն»ը շատերու համար անկնկալներու անակնկալն էր: Բնականաբար, ֆրանսահայ դպրոցի մը համար կը սպասուէր ֆրանսահայ բարերարի մը յայտնուիլը կամ շատ-շատ ըսենք՝ եւրոպահայ բարերարի մը: Յաճախ կը լսենք ֆրանսահայ բարերարներու անուններ, որոնք Հայաստանի մէջ դպրոցներ կը բանան, կը նորոգեն: Անշուշտ, բուն բարերարութիւնը մեծ ու փոքր նուիրատուութիւն չի ճանչնար: Ֆրանսայի ամէնօրեայ 7 դպրոցները կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն տեղական բարերարութեամբ: Սակայն, դպրոցաշինութեան գլխաւոր բարերար հանդիսանալը, ընթացիկ երեւոյթ չէ: Թերեւս, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աւելի հեշտ է դպրոցաշէն ըլլալ, աւելի նուազ դրամագլուխի կը կարօտի:
Հասարակաց յայտարարը այն է, որ երկու պարագային ալ ուրախանալի է, որ դպրոցին համար բարերարութիւն ընող եղած է եւ դեռ միշտ կայ: Միակ հարցը՝ մէկ կողմէ դիմողին եւ միջնորդին լուրջ, համոզիչ ու յարգանքի արժանի ծրագիրն է: Եւ միւս կողմանէ, բարերարի մը ցանկութիւնը, երազը՝ իր անունը քանդակուած տեսնելու տուեալ դպրոցի մը ճակտին, ի յիշատակ իր անկեալ նահատակ նախնիներուն:
Ինչ որ իւրայատուկ է պարոն Արապեանի նուիրատուութեան արարքին՝ Ցեղասպանութենէն փրկուածի գիտակցութիւնն է, որ հարստութիւն ձեռք բերած ըլլալով, կ՛ուզէ զայն ծառայեցնել Ցեղասպանութեան հետեւանքները կրած, անհայրենիք մնացած սերունդի զաւակներուն:
Սակայն, այս բոլորէն անդին, կայ ուրիշ երեւոյթ մըն ալ, որ Շաբաթ օրուան հանդիսութեան բոլոր ներկաները շլացուց. անիկա Նորվան սրբազանին շուրջ հաւաքուած այն երիտասարդներու խմբակն է, որ իր մասնագիտական աշխատանքով, իր լրջութեամբ, պաշտօններու բաշխումով, ընկերական ջերմ մթնոլորտով, շատ դրական տպաւորութիւն ստեղծեց: Ահա վաղուան սերունդին կորիզը, այն երիտասարդութիւնը, որ պատրաստ է դիմագրաւելու բոլոր խոչընդոտները, որոնք իր առջեւ կը ցցուին: Երիտասարդութիւն, որ հաւատաւոր է, տէր՝ իր ինքնութեան, յանձնառու՝ իր համայնքին ապագային:
Եւ ահա առաջնորդ սրբազանին բուն դիմագիծը, որ տարիներ շարունակ թաքնուած մնաց թեմի կառուցման վարչական աշխատանքներուն ետին: Ահա այն առաջնորդը, որ կ՛ուզենք տեսնել պատնէշին վրայ, երիտասարդները միաւորող, խանդավառող, հեռու՝ եկեղեցականներու նեղմիտ ու փառասէր դիրքորոշումներէ: Ահա այն առաջնորդը, որ պիտի ուզէինք տեսնել իր պաշտօնին գլուխը, յարատեւող, համայնքային կեանքը աշխուժացնող, վերանորոգող, դիմադրող՝ բոլոր անտարբերութիւններուն ու ոտնձգութիւններուն:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիրն է