
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերի առաւօտեան Մեթնի Ռապուէ շրջանին մէջ, Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համագումարը գումարուեցաւ, մասնակցութեամբ՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն։
Համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի նախագահ՝ Միշէլ Սլէյմանը։ Նախագահը համագումարի մասնակիցներուն իր խօսքը ուղղեց, եւ անդրադարձաւ, թէ շրջանին մէջ քրիտոնեաներուն ներկայութիւնը 25 առ հարիւրէն նուազած է 6 առ հարիւրի վերջին զարգացումներուն, արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան եւ ծայրայեղական շարժումներու եւ խմաբաւորումներու բազմացումին պատճառաւ։ Իր խօսքին մէջ Սլէյման ըսաւ. «Անհրաժեշտ է պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնը եւ հեռու մնալ որոշումներ պարտադրելու տրամաբանութենէն։ Քրիստոնեաներուն ծրագիրը՝ պետութեան կառուցումի ծրագիրն է»։
Մարոնիթերու Պշարա Ռաաի պատրիարքը խօսք առնելով, շեշտեց թէ քրիստոնեաները կառչած են Միջին Արեւելքին, ու կը մերժեն գաղթն ու ամէն տեսակի պատճառուած սարսափները։
Արամ Ա. վեհափառը, համագումարի առաջին նիստի աւարտին, մամուլին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ներկայ համագումարը երեք նպատակ կը հետապնդէ. ա. Քրիստոնեաներուն գաղթը կասեցնելու ազդու միջոցներ որոնել, բ. քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը աւելի ամրապնդել, գ. Արաբական երկիրներու քաղաքական ու ընկերային կեանքէն ներս աւելի լայն տեղ տալ քրիստոնեայ համայնքներուն»։
Յայտնենք, որ յիշեալ համագումարը կազմակերպող յանձնախումբին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մաս կը կազմեն, Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեան եւ տոքթ. Ժան Սալմանեան։
Համագումարի բացման նիստին Արամ Ա. կաթողիկոսի կողքին ներկայ էր նաեւ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը։