ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2013ին, Պէյրութ, «Զինկոկրաֆ Քեստենեան» տպարանէն լոյս տեսած է լիբանանահայ երկարամեայ կրթական մշակ եւ Պէյրութի

Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանի «Մամուլէն փրցուած էջեր» խորագրեալ հատորը՝ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններու:
Հեղինակը ծնած է Պէյրութ: Հայ աւետարանական քոլեճէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւած է պատմութեան եւ ստացած՝ պսակաւոր արուեստից տիտղոսը, ապա 1963ին ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը: Հայաստանի Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիան 2003ին իրեն շնորհած է պատուոյ տոքթորի տիտղոս՝ հայագիտութեան մէջ:
Զաւէն Մսըրլեան 1960էն մինչեւ այսօր կը ծառայէ իբրեւ կրթական մշակ Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ, որուն տնօրէնութեան պաշտօնը կը վարէ 1967էն մինչեւ այսօր:
1986ին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ ստացած է վաստակաւոր ծառայութեան Ոսկեայ շքանշան:
Իր կրթական աշխատանքին 50ամեակին առիթով, 2010ին, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով արժանացած է Լիբանանի «Կրթութեան շքանշան»ին:
Իսկ 2011ին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան իրեն շնորհած է նախարարութեան Ոսկեայ շքանշանը՝ «Կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտում ներդրած մեծագոյն աւանդի համար եւ ազգանուէր ու հայանպաստ գործունէութեան համար»:
Իբրեւ պատմաբան՝ հեղինակ է հետեւեալ երկերուն.
1.- «Հայկական Հարցի Մասին», (Պէյրութ, 1978).
2.- «Երեք Դաշնագրեր», (Պէյրութ, 1979).
3.- «Մկրտիչ Մսըրլեանի Ազգային-քաղաքական Գործունէութիւնը», (Պէյրութ, 1981).
4.- «The premeditated Nature of the Genocide Perpetrated on the Armenians», (Անթիլիաս, 2001).
5.- «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութիւնը եւ Հայկական Հարցը, 1900-2009», (Պէյրութ, 2010).
6.- «Հայոց Ցեղասպանութենէն Առաջ Եւ Ետք», (Անթիլիաս, 2011).
7.- «Հայկական Հարցի Հոլովոյթը 1939-2010», (Պէյրութ, 2012):
Ան գրած է 95 ուսումնասիրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են պարբերական մամուլին մէջ: Եղած է խմբագրական կազմի անդամ «Շիրակ» ամսագիրի (1965-1985 եւ 1997) եւ «Կամար» պարբերականի (2005էն ի վեր): 2004էն ի վեր ատենապետն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի յանձնախումբին:
Ստանձնած է պատասխանատու պաշտօն Լիբանանահայ գաղութի մշակութային միութիւններու մէջ, 1958-1983: Եղած է ատենապետ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան (1958-1961):
Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Հայրապետական Կոնդակով 2007ին իրեն շնորհած է «Ս. Սահակ «Ս. Մեսրոպ» շքանշանը:
Հատորին մէջ լոյս տեսած են բազմաբնոյթ հարցեր շօշափող այլ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ: