
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Պոլսահայ միութեան յատուկ ձեռնարկներու յանձնախումբին եւ «Հայրենիք» միութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ին տեղի պիտի ունենայ «փոքեր»ի մրցաշարք մը: Ճաշ ու խմիչքներ պիտի հիւրասիրուին երեկոյեան 7-8ի միջեւ, իսկ մրցաշարքը պիտի սկսի ժամը 8:15ին:
Մասնակցութեան սակը 100 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 571-1237 կամ (213) 422-5256 թիւերուն: