ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ թատերական արուեստներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Պեվըրլի Հիլզ գտնուող Գրողներու ընկերակցութեան թատերասրահին մէջ տեղի ունենալիք արուեստի հարցերու նուիրուած քննարկումին մասնակիցները որոշուած են: Անոնք են՝ Մայքըլ Փերեցեան, Ռապըրթ Փափազեան, Արիս Ճանճիկեան եւ Հենք Սարոյեան:
Քննարկումը պիտի կեդրոնանայ թատերական, շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մարզերուն մէջ հայերու միջեւ կապեր հաստատելու ջանքերուն վրայ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ հիւրասիրութիւն: Մուտքի սակը 10 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com//events/232924.html կայքէջը:
Նոյն երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ «Փօլ» մրցանակի տուչութեան արարողութիւնը: Բեմագրութեան «Լիլիըն եւ Վարնըմ Փօլ» չորրորդ մրցանքի աւարտական հանգրուան հասած երեք գործերն են՝ Կարին Քէյ. Յովհաննէսեանի եւ Ալէք Մուհիպեանի «1915»ը, Երուանդ Քոչարի ու Ճինի Տի Քարլոյի «13րդ Պատկերը» («The 13th Image») ու Լեւոն Մինասեանի եւ Էրիք տը Ռոքֆոյի «Երկրորդ Ճամբորդութիւնը» («The Second Journey»): Երկու տարին անգամ մը շնորհուող այս մրցանակը շահողը կը ստանայ նաեւ 10,000 տոլարի վարձատրութիւն:
Հայկական նիւթերով բեմագրութեանց սոյն մրցանակին համար նկատի առնուելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն ղրկուած են ստեղծագործութիւններ, որոնք քննուած են դատակազմի մը կողմէ, որուն անդամներն են՝ Անահիտ Նազարեան, Մայքըլ Կուրճեան եւ Հենք Սարոյեան:
Սոյն մրցանակը կը տնօրինուի Հայ թատերական արուեստներու միութեան կողմէ եւ կ՛իրականացուի շնորհիւ Լիլիըն եւ Վարնըմ Փօլերու կատարած նուիրատուութեան, որ իրականացած է Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին ճամբով ու կը վայելէ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութիւնը:
Հայ թատերական արուեստներու միութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniandrama.org կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.