
ԹԱՐԶԱՆԱ, Քալիֆորնիա.- Վաղամեռիկ Մարք Թոկնոզիի յիշատակի հիմնադրամ մը հաստատուած է, Հայաստանի մէջ բարեսիրական ծրագիր իրագործող «Փարոս» հիմնարկի գործունէութեան զարկ տալու նպատակով:
Մարք Թոկնոզիի մայրը՝ Եսթեր Չելեպեան-Թոկնոզի, կը յայտնէ, թէ հիմնադրամին աջակցութեամբ պիտի իրականացուին յատկապէս այնպիսի ծրագիրներ, որոնք մօտիկ էին Մարքի սիրտին եւ որոնց շարքին են Հայաստանի երեխաներուն եւ կրթական մարզին առնչուող նախաձեռնութիւններ:
Հիմնադրամին աջակցութեան շնորհիւ, «Փարոս»ը արդէն իսկ կարգ մը ծրագիրներ իրականացուցած է Հայաստանի տարածքին:
Մարք Էնթընի Թոկնոզի ծնած էր Ապրիլ 27, 1985ին ու յատուկ սէր ունէր միաժամանակ իր իտալական ու հայկական արմատներուն, աւանդութեանց ու մշակոյթին նկատմամբ: Ան կը սիրէր բնութիւնը ու ճամբորդելը, յատկապէս՝ դէպի Հայաստան ու Քեսապ. եղած էր սկաուտ ու Քալիֆորնիոյ օդային հսկողութեան քաղաքացիական օժանդակ մարմինի անդամ՝ մասնակցելով Հարաւային Քալիֆորնիոյ տարածքին կայացած շարք մը օդանաւերու ցուցադրութեանց ձեռնարկներու: Ան մահացած էր 28 տարեկան հասակին՝ իր ետին ձգելով ծնողքը, երկու քոյրերը եւ նշանածը:
Մարք Թոկնոզիի յիշատակի հիմնադրամին նուիրատուութիւն կատարելու համար, այցելել
www.paros-foundation.org կայքը: