Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի Պատգամաւորական ժողովը Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2013ին գումարեց իր արտակարգ նիստը, Մարսիլիոյ Պոմոն թաղամասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Ժողովի ընթացքին պատգամաւորները քննարկեցին թեմակալ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանի 1 Նոյեմբեր 2013էն սկսեալ հրաժարման պայմաններն ու հետեւանքները եւ առին հետեւեալ որոշումները.
1. Ժողովը կը մերժէ իր առաջնորդին՝ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականը եւ կ՛արտայայտէ իր խոր տխրութիւնը, որ զայն հաստատելէ զատ ուրիշ ելք չունի, նկատի ունենալով հրաժարականի անդառնալի հանգամանքը:
2. Ժողովը խորապէս կը ցաւի Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարման պարագաներուն համար, որոնք նշուած են հրաժարականին մէջ: Քրիստոնէական ոգիէն մեկնելով, ժողովը կոչ կ՛ուղղէ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Նորվան արք. Զաքարեանին երկխօսութեան ձեռնարկելու եւ յանգելու բոլորին կողմէ ցանկալի հաշտութեան, որուն համար իր կարելին պիտի ընէ Ֆրանսայի թեմը:
3. Ժողովը կը մաղթէ, որ հաւատացեալները շարունակեն օգտուիլ Ֆրանսայի գաղութին մէջ Նորվան արք. Զաքարեանի ներկայութենէն եւ յանձն առնէ արժանի յարգանքն ու պատիւը ընծայել անոր հանգամանքին եւ նուիրումին մեր Սուրբ եկեղեցւոյ եւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինին:
4. Ժողովը կը հաստատէ Թեմական խորհուրդին կողմէ ըստ կանոնագրութեան (յօդ. 17 Բ. 8) Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդական փոխանորդ Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեանի ընտրութիւնը առաջնորդական տեղապահի պաշտօնին, 1 Նոյեմբեր 2013էն սկսեալ, մինչեւ նոր առաջնորդի ընտրութիւնը: Ժողովը տեղեկանալով նոր առաջնորդի ընտրութեան գործընթացին մասին, Թեմական խորհուրդին կը յանձնարարէ հանդիպումներ կազմակերպել ըստ կանոնագրութեան 18 Ա 2 յօդուածի կազմուելիք եռանուն ցանկի թեկնածուներուն եւ պատգամաւորներուն միջեւ, եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ նաեւ հաւատացեալներուն հետ, որպէսզի գաղափար կազմեն եւ գիտակցաբար քուէարկեն:
5. Ժողովը կ՛որոշէ նիստ գումարել 16 Նոյեմբեր 2013ի առաւօտեան ժամը 10ին, Փարիզի մէջ եւ կը յանձնարարէ Թեմական խորհուրդին այս առթիւ ներկայացնել թեկնածուները, անոնց հետ հանդիպումի առիթ ստեղծել եւ նոր առաջնորդի ընտրութեան թուական առաջարկել:
6. Ժողովը կը մաղթէ, որ նոր առաջնորդը հետապնդէ Նորվան արք. Զաքարեանի սկսած աշխատանքը, շարունակէ բարելաւել թեմի կազմակերպումը՝ գործակցութեամբ հոգեւորականներուն եւ աշխարհական պատգամաւորներուն, ունկնդիր ըլլայ մեր Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, գործակցութեան ոգի ցուցաբերէ, որպէսզի մեր Եկեղեցին, այլազան մտածելակերպի տէր անդամներով հարուստ, շարունակէ հաւատքն ու ազգը իրար միացնող իր գործը, հաստատ պահելով իր տեղը Ֆրանսայի միջ-եկեղեցական երկխօսութեան մէջ:
Փարիզ
20 Հոկտեմբեր 2013