ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոն, 26 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ներկայ գտնուելու համար ԹՄՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակերպած ձեռնարկին, որ նուիրուած էր երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի յիշատակին եւ բեղուն գործունէութեան։
Ձեռնարկին հիմնական բաժինը՝ «Տես Խօսքերդ» եւ «Մենք Մեր Ակնոցով» գիրքերէն առնուած 52 երգիծանկարներու ցուցադրութիւնն էր։
Յայտագիրը բացաւ մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետ Վաչէ Սէմէրճեանը, որ պատշաճօրէն ներկայացուց ձեռնարկին շարժառիթն ու խօսք առնողները։
Երգիծանկարիչի անձին ու կեանքին մասին խօսեցաւ նախկին գահիրէաբնակ եւ Սարուխան ընտանիքին մօտ ապրած Մակի Վարձպետեանը։ Ան ներկայացուց մեծ վարպետը մանաւանդ՝ իբրեւ մարդամօտ, սրամիտ եւ անկեղծ բարեկամ։ Սարուխանի կենսագրութիւնը լսելով՝ ներկաները տեղեկութիւն ստացան անոր երիտասարդական տարիներու դժուարութիւններուն, նկարչական յարաճուն յաջողութիւններուն եւ մանաւանդ արաբական օրաթերթերու՝ «Ախպար Եոմ»ի ու «Փրոկրէ Էժիփսիէն»ի մէջ անոր գտած նուաճումներուն մասին։ Վարձպետեան շեշտեց Սարուխանի ազգային-համայնքային գործունէութեան յաջողութիւնը եւ որպէս ռամկավար-ազատական գործիչ՝ իր տարած աշխատանքները։
Ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի համար Սարուխան դարձած է օրինակելի արուեստագէտը եւ ամբողջական նկարիչը։ Պատանեկան տարիներէն ի վեր ան հաւաքած է հայկական մամուլին մէջ Սարուխանի հրատարակուած հարիւրաւոր գործերը։ Պալմանուկեան իր խօսքը թարմացուց Սարուխանի բոլոր ժամանակներու գործերէն էական նմոյշներու ցուցադրութեամբ ու անոնց մասին կարեւոր տեղեկութիւններ հաղորդելով ներկաներուն։ Համապարափակ իր ներկայացումով, Պալմանուկեան արդարօրէն արժեւորեց սփիւռքահայ աշխարհահռչակ երգիծանկարիչն ու գործիչը։
Կարճ յայտագիրը վերջ գտաւ ատենապետի փակման խօսքով՝ ներկաները հրաւիրելով վաճառքի։ Պատշաճ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպուած էր, ինչպէս միշտ, եւ ներկաները մինչեւ ուշ գիշեր վայելեցին Սարուխանի առթած ժպիտը։