
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Տաթեւեր» ճոպանուղին դարձած է Ճոպանուղային փոխադրութեան միջազգային կազմակերպութեան (OITAF) անդամ: Որոշումը տրուած է իտալական Պոլցանօ քաղաքին մէջ կայացած միջազգային կազմակերպութեան ղեկավար կոմիտէի հանդիպումին ընթացքին։
Այս անդամակցութեամբ «Տաթեւեր»ը պաշտօնապէս կը ճանչցուի ճոպանուղիներու կառավարման համաշխարհային հանրութեան կողմէ եւ կը ստանայ շարք մը կարելիութիւններ, որոնց հիմնականներն են՝
– Ճոպանուղիներու կառավարման ոլորտին մէջ հետազօտութիւններու եւ փորձառութեան իմաստով աջակցութիւն.
– Աջակցութիւն ճոպանուղիներու ոլորտին մէջ ազգային կարգաւորիչներու համար չափանիշներու ներդրման հարցին մէջ.
– Սեմինարներու կայացում եւ մասնակցութիւն՝ ճոպանուղիներու արտադրողներու եւ գործարկողներու համար:
Նշենք, որ այս միջազգային կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1959 թուականին, Միլանի մէջ: Ներկայիս կազմակերպութեան անդամ են 22 երկիրներու ճոպանուղիներ։