ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Աւելի քան տասը տարիներ ա-ռաջ, երբ Սիմոն Զաւարեանի աճիւնները Թիֆլիսի հայոց Խոջեվանքի գերեզմանատունէն փոխադրուեցան Հայաստան ու հանդիսաւորապէս ամփոփուեցան անոր ծննդավայր գիւղին կեդրոնը կառուցուած յուշ-դամբարանին մէջ, Երեւանէն ու մարզերէն, նաեւ աշխարհի չորս ծագերէն այդ օրերուն Հայաստան գտնուող դաշնակցականներ փութացած էին Լոռուայ աշխարհի բարձրանիստ Այգեհատ գիւղը՝ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու Դաշնակցութեան Խիղճը մարմնաւորած մեր հիմնադիրին, նաեւ՝ Զաւարեանի օրինակով ու աւանդով վերանորոգուելու համար։
Հանդիսաւոր այդ առիթով եւ ի տես Այգեհատ այցելած հիւրերու տպաւորիչ համախմբումին, գիւղի բնակիչները հետաքրքրութեամբ հաւաքուած էին Զաւարեանի նորակառոյց դամբարանին եւ քանդակին շուրջ։ Բնականաբար իրարու մօտեցած եւ խումբ-խումբ զրոյցի բռնուած էինք այցելուներս ու այգեհատցիները, որոնք ընդհանրապէս պարզ ու դիւրահաղորդ մարդիկ էին։ Մեծ մասով շարքային քաղաքացիներ էին, թէեւ հանդիսութեան կը մասնակցէին նաեւ գիւղի պաշտօնատար անձինք։
Զաւարեանի դամբարանէն քանի մը մեթր անդին կար ուրիշ, աւելի տպաւորիչ դամբարան մը, որ թէեւ նորակառոյց չէր, բայց խնամքով պահպանուած էր։ Երբ անոր մասին հարց տուի զրուցակիցներուս, այգեհատցի մը ամենայն պարզութեամբ բացատրեց, թէ գիւղի մեծ տոհմերէն մէկուն կը պատկանի ընտանեկան այդ դամբարանը, որուն կեդրոնը հաստատուած քանդակն ալ կը ներկայացնէ խորհրդային ժամանակներուն Այգեհատին շատ օգնած եւ գիւղին կուսակցական (կոմունիստական) ղեկավարութիւնը երկար տարիներ ստանձնած այդ մեծ ընտանիքին արժանաւոր զաւակներէն մէկը։
Յայտնապէս այգեհատցիք ծանօթ չէին Սիմոն Զաւարեանի կեանքին ու գործունէութեան, նաեւ ու մանաւանդ՝ պատկերացումը չունէին անոր Աւանդին ներկայացուցած համազգային արժէքին։ Թէեւ լսած էին, որ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան մաս կը կազմէ իրենց համագիւղացի եւ նոյնպէս մեծատուն Զաւարեաններու տոհմին Սիմոն զաւակը, բայց ինչպէս որ Դաշնակցութեան մասին միայն աղօտ պատկերացում ունէին, այնպէս ալ Սիմոն Զաւարեանի անձին ու գործին արժանաւորութեան մասին յստակ գաղափար չունէին։ Այն աստիճան, որ երբ որոշ ընդվզումով դիտել կու տայի, թէ ինչպէ՞ս կրնային այս աստիճան անհաղորդ մնացած ըլլալ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրական պայքարը յառաջ մղած եւ անձնուրաց սերունդներ կերտած հայ մեծ յեղափոխականին, այգեհատցի խօսակից մը չդիմացաւ եւ ամենայն լրջութեամբ ու ինքնարդարացման շեշտով դիտել տուաւ.
– Այգեհատին ի՞նչ օգուտ է տուել Սիմոն Զաւարեանը։
Այո՛, այդքան անպաճոյճ ու կտրուկ.- Այգեհատին ի՞նչ օգտակարութիւն ունեցած է Զաւարեան։
Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100ամեակին նուիրուած ոգեկոչական արժեւորումներու այսօրուան մթնոլորտին մէջ, մտածումներուս պաստառէն չի հեռանար տասնամեայ վաղեմութեամբ այդ զրոյցը։
Չեմ կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ համազգային օրհնութեամբ Հայկական Յեղափոխութեան «աշխարհիկ սու-րբ»ն ու «ընկերային նազովրեցին» հռչակուած Սիմոն Զաւարեանը ըստ արժանւոյն ընկալելու, մանաւա՛նդ առաջնորդող օրինակի վերածելու դժուարութիւն ունին նոյնինքն իր համագիւղացիները՝ այգեհատցիները։
Աւելի ահաւորը այն է, որ այգեհատցիք բացառութիւն չեն կազմեր։
Հայրենի ոստաններու ամբողջ տարածքին, ընդհանրապէս, հայ մարդոց սրտամօտ ու հոգեհարազատ չի թուիր ըլլալ Զաւարեանական աւանդը։
Թէեւ ամէնուր պարզուած երեւոյթ է ու ազգերու պատմութիւնը կը հաստատէ, թէ մարգարէները սովորաբար կը հալածուին իրենց իսկ բնօրրանին մէջ, այդուհանդերձ՝ նաեւ ու մանաւանդ Սիմոն Զաւարեանի պարագային, մարդ կը դժուարանայ համակերպելու այս աստիճան դառն իրողութեան հետ։
Փաստօրէն Հայաստանի վերանկախացումէն 22 տարի ետք ալ, հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան դրօշակիրն ու գաղափարի մարտիկը չ՛ընկալուիր իբրեւ այդպիսին նոյնինքն հայրենի հայութեան կողմէ։
Դժուար չէ հասկնալ եւ նոյնիսկ դիւրին է բացատրել, որ խորհրդային մտակաղապարման 70ամեայ ժամանակաշրջանին հայ մարդէն բրտօրէն խլուեցաւ ազգային իր յիշողութիւնը, որուն փոխարէն սերմանուեցաւ կեղծ միջազգայնութեան ստայօդ մշակոյթ մը՝ նոյնքան շինծու եւ հեգնականօրէն անհող արժէքային իր համակարգով։
Այդ առումով խորհրդային «դարաշրջան»ը, իր հաստատած երկաթեայ վարագոյրով, ազգային մեր անցեալէն խզեց հայրենի հայութեան երեք սերունդները՝ թէ՛ մտքով, թէ՛ հոգեպէ՛ս։
Եօթանասուն տարի ոչ միայն փակ արխիւի տակ դրուեցան Դաշնակցութեան եւ դաշնակցական գործիչներու կեանքին ու գործին, քաղաքական վաստակին եւ գաղափարական աւանդներուն նուիրուած գրական ու պատմագիտական հարուստ ժառանգութիւնը, այլեւ հանապազօրեայ հացին հետ հակադաշնակցական թոյն սրսկուեցաւ հայրենի երկնակամարին տակ հասակ նետած սերունդներու գիտակցութեան մէջ։
Նման դաժան «դպրոց» անցած հայրենաբնակ հայուն կարելի չէ մեղադրել, հետեւաբար, որ տարրական ծանօթութիւնը չունի Դաշնակցութեան հետ մօտէն կամ հեռուէն աղերսուած, կամ՝ ընդհանրապէս ազգային-ազատագրական մեր պայքարին հիմքը կազմող գաղափարական ժառանգութեան եւ արժէքային համակարգին մասին։
Բայց ո՛չ հասկնալի կրնայ ըլլալ, ոչ ալ բացատրութիւն ու մանաւանդ արդարացում կրնայ ունենալ խորթութեան այն զգացողութիւնը, որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք ալ կը շարունակէ իր հունով տանիլ եւ ազգային-ազատագրական պայքարի հայրենակերտ ու մարդակերտ ժառանգութեան անհաղորդ պահել հայրենի հայութեան նորահաս սերունդները։
Հայրենիքէն կը սպասուի ճի՛շդ հակառակը յատկապէս մեր օրերուն, երբ Սփիւռքի տարածքին ու հայապահպանման ճակատներուն վրայ ամէնուր զգալի եւ տիրական կը դառնան հայրերուն յոգնածութիւնն ու մեղկութիւնը, իսկ որդիները գլխակորոյս ինկած են մեր դարուն բնորոշ անտարբերութեան եւ հեշտասիրութեան յորձանուտին մէջ։
Ըստ ամենայնի միայն ողջունել կարելի է, որ Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100ամեակը արժանաւորապէս ոգեկոչուեցաւ հայրենիքի մէջ։ Դաշնակցութիւնը նախաձեռնեց եւ հայրենի մտաւորականութիւնն ու ակադեմական ընտրանին ի մի եկաւ՝ Զաւարեանի ժառանգութիւնը գիտական քննարկման եւ գնահատման արժանացնելու գօտեպնդող նախանձախնդրութեամբ։
Ոչ ոքի ուշադրութենէն վրիպեցաւ, անշո՛ւշտ, որ Զաւարեանի մահուան 100ամեակին ոգեկոչումը առիթ ծառայեց – եւ բնականաբա՛ր հայրենիքի հայութեան լայն զանգուածին ծանօթացնելու եւ հոգեհարազատ մատուցելու Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ազգային պետականութեան աւանդներուն գաղափարական կերտիչին ժառանգութիւնը։
Այդքանը՝ բոլորիս նուազագոյն պարտքն էր ազգային մեր յիշողութեան եւ արժէքային համակարգին վերականգնման հանդէպ։
Բայց յետոյ ի՞նչ։
Ի՞նչ ըրաւ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութիւնը ի խնդիր Սիմոն Զաւարեանով մարմնաւորուած ազգային արժէքներու արմատաւորումին ինչպէս այսօրուան հայ հասարակութեան, նոյնպէս եւ հետագայ մեր սերունդներու գիտակցութեան ու ինքնաճանաչողութեան մէջ։
Հայոց պետականութենէն սպասուածը սոսկ արժեւորումը չէ Սիմոն Զաւարեանի իբրեւ Դաշնակցութեան հիմնադիրի եւ դաշնակցական ականաւոր գործիչի։ Այդքանը ընելու սիրայօժար պատրաստակամութիւնը ըստ երեւոյթին ունին Հայաստանի մերօրեայ իշխանութիւնները։ Բայց այդքանը արդէն նուաճած է Զաւարեան ինք՝ իր անկորնչելի աւանդով։
Հայաստանի պետական իշխանութիւններէն սպասուածն ու պահանջուածը, ամէն բանէ վեր, վերանայումն ու սրբագրումն են պետական կրթութեան այն ծրագիրներուն եւ համապատասխան դասագիրքերուն՝ գերագոյն արժեչափ ունենալով մեր նորահաս սերունդներուն թրծումը հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին ոգիով, այլեւ ու մանաւանդ՝ բազմակողմանի զարգացման եւ յառաջդիմութեան Զաւարեանական ուղիով։
Սիմոն Զաւարեան միակը չէ, թէեւ ներկայացուցչական դէմքերէն է հայոց այն սերունդին, որ ստրուկ Հայէն ազատութեան եւ արդարութեան համար մինչեւ վերջ պայքարելու պատրաստ՝ յանձնառո՛ւ Հայը կերտեց եւ անոր գերագոյն զոհաբերութեան ճամբով Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի իրականացման ուղին լուսաւորեց։
Վերանկախացեալ Հայաստանին պարտադրուած կեղծ ժողովրդավարութեան պայմաններուն մէջ դժուար է յուսալ, որ քաղաքականօրէն խաթարուած եւ ղեկավարման բարոյական հեղինակութենէն զուրկ այսօրինակ իշխանութիւններով հնարաւոր է ընդառաջել Ազգին ու Հայրենիքին դիմագրաւած բախտորոշ այս մարտահրաւէրին։
Ի վերջոյ Սիմոն Զաւարեան ողն ու ծուծով մարմնաւորումն է հայու յեղափոխական անհաշտ ծառացումին եւ անխոնջ պայքարին այն ամէնուն դէմ, որ կեղծիքի եւ մորթապաշտութեան, մեղկութեան եւ ստրկամտութեան, պատեհապաշտութեան եւ իշխանատենչութեան ակունքներէն կը սնանին՝ թունաւորելով ու ջլատելով հայու ազգային ոգին եւ հայոց պետականութեան մարմինը։
Հայ քաղաքական միտքը պարտք կատարողի էջ մը չի փակեր Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100ամեակը ոգեկոչելով։
Ընդհակառակն՝ կը բանայ էջը դեռ չհատուցուած իր պարտքերուն, որովհետեւ Հայաստանի վերանկախացումէն 22 տարի ետք տակաւին պէտք է հասնի մինչեւ Այգեհատ եւ այլուր իր հողին կառչած հայ մարդուն, բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու համար պատմութեան ուղին հարթող Զաւարեանական Աւանդը։
Յանուն հայ ժողովուրդի կեցութեան ընդհանուր բարեշրջման մղուող պայքարը մինչեւ վերջին շունչ շարունակելու Զաւարեանական Պատգամը։
Որովհետեւ մեր ժողովուրդը աւելի քան երբեք արժանի է իր Գաղափարի Տաճարը ամէն կարգի «ցեցեր»է մաքրող՝ «Աշխարհիկ Սուրբ»ի եւ «Ընկերային Նազովրեց»ջի արժանաւորութեամբ պայքարի դաշտ նետուող նորօրեայ Զաւարեաններու վարակիչ շունչին ու օրինակին