ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարզիա Էֆհան, տեղացի եւ արտասահմանեան լրագրողներու համար Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ Արցախի վերաբերեալ խորհրդաժողովը, որ Նոյեմբեր 6ին պիտի կայանար, յետաձգուած է:
Ան նշած է, թէ խորհրդաժողովին նախաձեռնող կողմը «ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն էր, սակայն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը, իմանալով այդ մասին՝ իր բողոքը յայտնած էր Իրանի իշխանութեանց: Այդ պատճառով, խորհրդաժողովը յետաձգուած է»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.