
(Ծնեալ՝ Հոկտեմբեր 15, 1933ին, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Տիգրան Մարտիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1, 2013ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 9, 2013, առաւօտեան ժամը 11ին, ՕրենճՔաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 5315 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA 92704, ապա թաղումը՝ Harbor Lawn Mt. Olive Memorial Park գերեզմանատան մէջ:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սօսի Մարտիկեան
Զաւակները՝ Ժաք եւ Մարիա Մարտիկեան եւ դուստրը՝ Նայիրի
Վիգէն եւ Թանիա Մարտիկեան եւ զաւակը՝ Վիգէն-Հայկ
Դուստրը եւ ամուսինը՝ Քոլէթ Մարտիկեան եւ Հայկ Դաւթեան
եւ զաւակը՝ Տենի Մարտիկեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի վերոյիշեալ եկեղեցւոյ «Պարսամեան» սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարանին: