
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ազատամարտիկ Խաչիկ Աւետիսեան 6 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ անդրադառնալով 5 Նոյեմբերին Շանթ Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն, յայտարարած է, թէ այսօր ոեւէ մէկը չի կրնար եւ իրաւունք ալ չունի մեղադրելու զայն, որովհետեւ շանթերը այն անձերն են, որոնց համբերութեան բաժակը լեցուած է. «Իշխանութիւնն է մեզ դարձնում Շանթ, եւ վաղը ես չեմ զարմանայ, որ նման շանթեր շատ են լինելու»:
Ազատամարտիկին համաձայն՝ Շանթ Յարութիւնեանը, որպէս անհատ, շատ ինքնատիպ բնաւորութեամբ եւ մտածողութեան տէր անձ է, եւ անոր գործողութիւններուն մասին տեղեակ էին բոլորը՝ ե՛ւ իշխանութիւնները, ե՛ւ հասարակութիւնը:
«Շանթը որեւէ քայլ գաղտնի չէր անում, բացայայտ ասում էր՝ ինչ է անելու եւ գնաց ու արեց: Նա ազնիւ տղայ է, երիտասարդական աւիւն կայ նրա մէջ, եւ երիտասարդութիւնը Շանթի ետեւից գնում է», յայտնած է ան եւ տեղի ունեցածին անդրադառնալով՝ ըսած է. «Գնդապետ Վալերի Օսիպեանին Շանթն ասում էր, որ գնալու են, պայթեցնելու են, Օսիպեանն իր գործողութիւններով դրան դրդեց: Շանթը ցոյց տուեց նաեւ պայթուցիկները, այդ բահի պոչերն էլ դարսուած էին Օսիպեանի առջեւ, ինչո՞ւ նա չկանխեց այդ ամէնը»:
Խաչիկ Աւետիսեան նկատել տուած է, որ 5 Նոյեմբերին «տղաների մօտ գործեց աֆեկտը, իրավիճակը թէժացաւ, եւ բոլորն աֆեկտի մէջ էին ընկել»: Ան դիտել տուած է, որ ոստիկանութիւնը այդտեղ ինքնզինք շատ ճիշդ պահեց՝ աւելցնելով, որ անոնք նախապատրաստուած էին, քանի որ ոստիկանութեան ինքնաշարժները Ազատութեան հրապարակէն քիչ մը հեռու կանգնած էին:
Իր խօսքի աւարտին ազատամարտիկը կոչ ուղղած է իշխանութիւններուն՝ անմիջապէս ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ ընդգծած է. «Եթէ էնտեղ կար մէկը, ում պէտք է ձերբակալել, դա գնդապետ Օսիպեանն էր, ով դրդեց այդ ամէն ինչը»:
Ասուլիսին ներկայ ազատամարտիկ Ասլան Գրիգորեան աւելցուցած է. «Երէկուայ երեւոյթը բոլորիս համար էլ հաճելի չէ, բայց շատ աւելի կարեւոր է ոչ թէ դէպքը, այլ այդ դէպքի դրդապատճառը: Մեղաւորը միանշանակ Շանթը չէ, ոստիկանութիւնը չէ, այլ էսօրուայ համակարգն է, որը երկիրն այն վիճակի է հասցրել, որ մարդիկ կամ դիմում են արտագաղթի, կամ նման քայլեր են անում»: