
ԵՐԵՒԱՆ.– Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան խորհուրդի 6 Նոյեմբերի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ հանդիպում ունեցան նախագահին կից Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ատոլֆ Պիրքհոֆըր եւ խորհուրդի քարտուղար Վահրամ Պետրոսեանը:
Լրագրողներէն մէկը հարց տուաւ, թէ որքա՞ն գումար անհրաժեշտ է Մեծամօրի հիւլէական կայանի կեանքը 2016 թուականէն ետք 10 տարիով երկարաձգելու համար. Ատոլֆ Պիրքհոֆըր դժուարացաւ պատասխանել, սակայն խիստ կարեւոր նկատեց միջուկային ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը:
«Իմ կարծիքով, Ռուսաստանի հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը խիստ կարեւոր է, քանի որ Ռուսաստանը միջուկային էներգետիկայի բնագաւառի առաջատար տէրութիւններից մէկն է», յայտնեց ան:
Վահրամ Պետրոսեանի համաձայն, յառաջիկային ռուսական կողմը վարկ պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ հիւլէական կայանի կեանքի երկարաձգման ու անվտանգութեան աշխատանքներու իրականացման համար:
«Աշխատանքները հիմնականում կատարուելու են ռուսական կազմակերպութիւնների կողմից՝ ներգրաւելով նաեւ Հայաստանում մասնագիտացուած կազմակերպութիւններին: Կարծում եմ, որպէսզի մենք հասցնենք 2016 թուականի Սեպտեմբերին ստանալ լիցենզիա, աշխատանքի ժամկէտները բաւականին սուղ են, այդ պատճառով պէտք է աւելի խիստ ռեժիմով աշխատել, քանի որ կեանքի երկարացման համար նախատեսուող աշխատանքները աւելի երկար ժամկէտ են պահանջում», յայտնեց Պետրոսեան:
Ըստ Վահրամ Պետրոսեանի, տարեվերջին պիտի յստականայ, թէ որքան է Ռուսիոյ տրամադրելիք վարկին չափը: Նոր ուժանիւթի պլոկի կառուցման համար նոր ներդրողներու անհրաժեշտութիւն կայ, դիտել տուաւ ան:
«Ռուսաստանը ցանկանում է մասնակցել այս պրոյեկտին՝ 35 տոկոսի չափով, եւ երբ խօսում ենք ամբողջ արժէքի 35 տոկոսի մասին, սա սարքաւորումներ են, այս պահին որեւէ շինարարական աշխատանք չի գնում», դիտել տուաւ Պետրոսեանը:
Հիւլէական կայանի նոր պլոկի շինարարութեան համար որոշ հաշիւներով անհրաժեշտ է 5էն 7 միլիառ տոլար:
Ասուլիսէն առաջ տեղի ունեցաւ Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստը, որուն բացման խօսքը արտասանեց հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նախագահը դիտել տուաւ, որ մօտիկ ապագային պիտի ստորագրուի հիւլէական անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիր, որ կարելիութիւն պիտի տայ զարգացնելու Հայաստանի հիւլէական անվտանգութեան ենթակառուցուածքը՝ ռուսական նախագիծերով նոր ենթակայաններու կառուցման նախապատրաստուելու պարունակին մէջ, կազմակերպելու այս ոլորտին մէջ մասնագէտներու պատրաստութիւն, վերապատրաստում եւ որակաւորման բարձրացում, նաեւ ընդարձակելու համագործակցութեան ծիրը։
Սերժ Սարգսեանի համաձայն, Հայաստանի հիւլէական կայանի անվտանգութեան ծրագրային մակարդակը ապահովուած է եւ այժմ կը կատարուին կայանի հիմնական համակարգերու, կառուցուածքներու եւ բաղադրիչներու ներկայ վիճակի վերահսկողութիւն եւ մնացած պաշարի գնահատման աշխատանքները: