ՎԱԶԳԷՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջերս կը նկատեմ, որ տարիքի բերումով զգացումներս, համոզումներս եւ հաւատքս հետզհետէ աւելի կը ձեւաւորուին, աւելի կը բիւրեղանան եւ աւելի կ՛ամրանան:
Կ՛ըսեն, որ մարդ արարածը տարիքի հետ կը կարծրանայ, աւելի անհանդուրժող կը դառնայ եւ ընդհանուր առմամբ կ՛ամփոփուի իրեն աւելի հաճելի եւ ապահով հոգեկան եւ ընկերային շրջանակի մը մէջ:
Կ՛ըսեն նաեւ, որ միջավայրդ, այսինքն՝ երկիրը, ուր կապրիս, ինչպէս նաեւ ընկերային շրջանակը, զոր կը պահես եւ ինչու չէ, արտաքին ազդեցութիւնները եւ հոսանքները կը տարազաւորեն եւ կը գունաւորեն մտածելակերպդ:
Զարմանալի չէ, որ վերոյիշեալ երկու խօսքերը, ընդհանուր վիճակագրական գիծերու մէջ, հաւանաբար իրականութիւն են շատերու կեանքին մէջ: Վերջ ի վերջոյ մարգարէութիւն չէ, թէ մարդ ըսուածը գուշակելի կենդանի մըն է եւ իր վարքն ու բարքը լաւ փաստագրուած են դարերու ընթացքին:
Կը նկատեմ, որ աւելի կեդրոնացած հաւատքս՝ ըլլա՛յ անիկա կրօնական, ազգային, կուսակցական կամ ընտանեկան, կը ծառայէ ինծի իբրեւ ուղեցոյց եւ կ՛առաջնորդէ՛ զիս կեանքի ուղեւորութեան ընդմէջէն: Սկզբունքային Հաւատքս կը մնայ հաստատ եւ երբեք «երկուութիւն» կամ տկարութիւն չի ճանչնար, բայց այդ ըսել չէ որ ազատախոհ չեմ եւ պատրաստ չեմ ճիշդը տեսնելու ուրիշ կարծիքներու եւ մօտեցումներու մէջ:
Կը նկատեմ, որ ոմանց համար այս երեւոյթը անպայման այնքան ալ պարզ կամ յստակ չէ, տարրական հաւատքի համոզումը այդքան ալ «սեւ ճերմակ» չէ եւ տարիքի հետ չ՛ամրանար, այլ կ՛երերայ եւ կը պղտորի շուկայական իրենց տեսակէտներուն հետ: Հաւատքը իրենց համար մեկնակէտ մըն է, ուրկէ կամայական նահանջը կը սկսի դէպի ինքնութեան հանդէպ կասկածամտութիւն, օտարներու արժէքներու եւ փառքերու գերարժեւորում, եւ, վերջապէս, արդիականութեան պիտակին ետեւ քօղարկուած «իրապաշտութիւն»:
Կը մտածեմ բոլոր անոնց մասին, որոնք օրինակ դարձան մեզի, իրենց կեանքով իմաստաւորեցին մերը, իրենց «ես»երը հաւաքական «մեր»ով փոխարինեցին, իրենց կեանքի դաժան պայմանները արհամարհեցին մեզի հասցնելու հոս, այսօր…
Կը լսեմ դիւրին պատասխաններ դժուարին հարցերու՝ ինքնութեան, լեզուի եւ վերջապէս մեր ազգի գոյատեւման մասին: Երբ հարց կու տաս, թէ ինչպէս հոս հասանք, դիւրին պատասխանները շուտով կը տեղան. «Հոս Ամերիկա է, եղբա՛յր, դուն ո՞ւր կապրիս կոր…»:
Կը մտածեմ, թէ արդեօք ե՞ս եմ «հոսանքն ի վեր լողացողը», վերջ ի վերջոյ ինծի նմաններո՞ւն մնաց Հայ ինքնութիւնը եւ Հայ լեզուն պաշտպանելը: Անշուշտ որ այս հարցումը «ռեթորիքըլ» է, այսինքն միայն մէկ պատասխան ունի՝ այո՛, ինծի մնաց, քեզի մնաց, իւրաքանչիւրիս մնաց մեզի կտակուածին տէր ըլլալ, Սուրբ մասունքի պէս գուրգուրալ եւ նորածին մանուկի պէս զայն գրկել, սիրել եւ պաշտպանել «երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէն»:
Կը հասկնամ, որ շատ մը բաներու պիտի համակերպիս, տեղական գոյն պիտի տաս անոնց եւ միջոցը պիտի փոխես իրագործելու համար առաջնահերթութիւն ունեցող ազգային նպատակները: Նպատակը միջոց չի ճանչնար… եւ կամ միջոցը կրնայ կերպարանափոխուիլ նոյն տեղը հասնելու համար:
Իբրեւ հայ ամերիկացիներ, պէտք է հասկնանք, որ Հայ ըլլալը եւ ամերիկացի ըլլալը իրարու հակասական արժէքներ չեն, այլ ընդհակառակ, զիրար ամբողջացնող արժէքներ: Մէկուն կամ միւսին այն սխալ ընտրանքները, զորս կը լսեմ տարբեր շրջանակներու մէջ կը խռովեն զիս:
Ծագումով հայ ըլլալը եւ ամերիկացի ըլլալը, ինչպէս ծագումով իրլանտացի ամերիկացիները կամ իտալացի ամերիկացիները, նոր գաղափար մը չեն: Վստահ, որ հայերս ալ կրնանք «ձիւթ ծամել եւ քալել նոյն ատեն», նոյնպէս պէտք է կարենանք հայերէն եւ անգլերէն լաւ գիտնալ, հայկական հաւաքական շահերը հետապնդել լաւ ամերիկացի քաղաքացի ըլլալով մէկտեղ:
Նոյնպէս մարդիկ զիս կը խռովեն, երբ կը հաւատան որ իրենց զաւակները միայն օտար դպրոցներու մէջ է, որ կրնան տիրապետել օտար լեզուներու: Երբ Լիբանան կ՛ապրէինք, ակնարկուած լեզուները ֆրանսերէն եւ արաբերէն էին, հոս, Ամերիկա՝ անգլերէնն է: Անգամ մը եւս պիտի ըսեմ, որ նման խօսքեր արտասանողները կը թերագնահատեն մեր զաւակներուն ուշիմութիւնը եւ դարձեալ սխալ ընտրանքներով եւ հարցումներով սխալ եզրակացութիւններու կը յանգին:
Հոս ալ վստահ, որ մեր պզտիկները կրնան երկուքին մէջ ալ գերազանցել, բայց կարգ մը ծնողք սխալ հարցումներ կը հարցնեն, հետեւաբար, այդ մանուկը ոչ միայն կը զրկուի երկլեզու գիտութիւն ստանալէ, այլ նաեւ հայ ընկերներով չի շրջապատուիր, եւ հայ դպրոցի շարքերը կը նօսրանան:
Եկէք չշփոթե՛նք օտարամտութիւնը ազատախոհ ըլլալուն հետ, եկէք չշփոթենք, որ լաւ տեղացի ըլլալը եւ լաւ հայ ըլլալը իրարու հակասական արժէքներ են եւ նոյնպէս չշփոթենք, որ օտար լեզու լաւ սորվելու համար պէտք է զոհենք մեր մայրենի «Ոսկեղենիկը»:
Ըստ իս, մեր հաւատքը, մեր ազգային կառոյցներուն եւ մեր կազմակերպութիւններու առաքելութեան նկատմամբ ժամանակաւոր չէ, մեր ճշմարտութիւնները պայմանաւորուած չեն նիւթական կամ այժմէական դատանիշերու վրայ:
Մեր հաւատքը, իւրաքանչիւրիս հոգիի խորանին մէջ զետեղուած ներքին ուժն է, որ կը հաւատայ մեր հայրենիքին, մեր լեզուին, մեր գաղութներու հաւաքական շահերուն:
Առածը կ՛ըսէ. «Մարդ, երբ վար նայի, կը սայթաքի, երբ շուրջը նայի՝ կը շուարի եւ երբ վեր նայի՝ հաւատքը իր կեանքին ուղղութիւն եւ ուժ կը շնորհէ»: