(Ծնեալ՝ Սեպտ. 22, 1955ին Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ եղբօր եւ հարազատին՝ Կարպիս Խոտանեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2013ին, Ալապամայի մէջ:
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները կատարուեցան Ալապամայի մէջ:
Հանգուցեալի մահուան եօթնօրեակին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2013ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., յաւարտ Ս. Պատարագի:

Սգակիրներ՝
Եղբայրները՝ Յարութ եւ Մարալ Խոտանեան եւ զաւակները՝ Տիգրան եւ Գարին
Զոհրապ Խոտանեան եւ զաւակները՝ Անթընի եւ Ալեքսիա
Քոյրը՝ Սօնիկ եւ Սագօ Քեպապճեան եւ զաւակները՝ Սոֆիա եւ Շանթ
Աննա Սօլագեան
Հօրեղբօր կինը՝ Ալիս Խոտանեան
Հօրեղբօր զաւակները՝ Կարպիս եւ Փերուզ Խոտանեան եւ զաւակը՝ Ճօի
Հրայր Խոտանեան
Հօրաքոյրը՝ Ալիս եւ Գրիգոր Մարգարեան եւ զաւակները
Եւ համայն Խոտանեան, Մարգարեան, Տէմիրճեան, Խաչատուրեան եւ Քեպապճեան ընտանիքներն ու հարազատները: