ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կրկէսներու մէջ այս տեսարանին շատ կը հանդիպինք: Այսինքն՝ փիղերու կատարած պարային շարժումներուն, որոնք համեմատած իրենց հուժկու մարմինին՝ պէտք է «նուրբ» համարել: Վարպետ մարզիչներու հրահանգներուն ենթարկուելով, մարմնեղ փիղերը երբեմն շատ ճկուն շարժումներ կը կատարեն, ծափողջոյններ խլելով հանդիսատեսներէն: Պատուանդաններու վրայ ելլելով կլոր-կլոր դառնալ, երկու ոտքերու վրայ կանգնիլ, հաստաբուն կնճիթի ծայրով ամենայն նրբութեամբ ու զգուշութեամբ լարախաղաց փափկամարմին աղջիկներ բարձրացնել ու իրենց կռնակին բազմեցնել, եւայլն:
Արտայայտուած այս ամէն «նուրբ» շարժումները, սակայն, չեն կրնար համոզել մեզ, թէ փիղը ի վերջոյ նրբացեր է: Պէտք է ընդունիլ, որ Արարիչը զայն այդ մարմինով ստեղծեր է, իսկ ծանրակշիռ անգործնական ոտքերուն փոխարէն ալ, դէմքին ճիշդ կեդրոնը զետեղեր է բազմանպատակ կնճիթը, տարբեր տեսակի գործնական արարքներ կատարելու համար, ուտելէն ու խմելէն սկսեալ մինչեւ լոգանք… Անոր կոշտ ու կոպիտ արտաքինը, չորցած գետինի կարծրութեամբ եւ աշնանային չոր խոտերով ծածկուած դաշտեր յիշեցնող մորթը, թափահարուող հսկայական ականջներն ու մանաւանդ լայնանիստ ոտքերը, միշտ կը հեռացնեն նրբութեան գաղափարը այս կենդանիէն, զայն ներկայացնելով անտառին ամէնէն կոշտ անասուններէն մէկը:
Բնութեան ազատ գիրկին մէջ, իր մօր հետեւող փիղի ձագն անգամ, որ առաջին հայեացքով շատ փոքր կը թուայ, եւ իր թեթեւ շարժումներով ու վազվզուքով այն տպաւորութիւնը կը թողու, թէ նրբիկ է ու ճկուն, մօտէն զայն տեսնողին եւ յատկապէս գրկել ուզողին համար, նոյնքան կոշտ ու կոպիտ է, ինչքան իր տեսակին մեծերը:
_ Փիղը կը պարէ՞:
_ Հարկա՛ւ կը պարէ, երբ վարժեցուի: Սակայն անոր պարը կը տարբերի հեզաճկուն աղջիկներու պարէն: Մինչ այս վերջիններու պարագային մարմնի շարժումները դրախտային փերիներու կախարդանքն ու անրջական զովութիւնը կը հաղորդեն, փիղը ինչքան ալ փորձէ նմանիլ անոնց, կնճիթը ոլորապտոյտ դարձնելով նազանք ցուցաբերէ, առջեւի թաթերն ալ վեր բարձրացնելով, դարձեալ չարաչար պիտի ձախողի: Որովհետեւ մարմինին հաստութիւնն ու ընդհանուր կոշտութիւնը չեն օգներ ներքնապէս համոզելու մեզ իր ճկունութեան մասին:
Վերջապէս, փիղերը առհասարակ ունին բնաւորութեան պահուած կամ ծածուկ մէկ երես, որ իրենց կատաղութեան կը վերաբերի: Լրատուութեանց միջոցով, երբեմն ափրիկեան երկիրներու առօրեայէն ցոյց կը տրուին պատկերներ, ուր ի յայտ կու գայ թէ, այս հանդարտ կարծուող կենդանին ունի նաեւ կատաղութեան պահեր, երբ ամբողջովին անգութ դառնալով, կը կոտորէ շուրջը գտնուող ամէն ինչ՝ մարդ թէ անասուն, տուն թէ վաճառատուն…
Կատղած փիղերու դէմն առնելը բաւական դժուարին ու մասնագիտական աշխատանք կ՛ենթադրէ: Երբեմն, մինչեւ իսկ ոստիկանական ջոկատներ կամ բանակային միաւորներ կը մասնակցին, զրահապատներով զսպելու համար կատղած փիղը, որուն ոտքերուն տակ կը ճզմուին սովորական չափի ինքնաշարժներ, ալ ուր մնացին անպաշտպան մարդիկ, որոնք սարսափահար աջ ու ձախ կը վազեն, գլուխնին ապահով անկիւն մը մտցնելով, փրկուելու համար:
Նման պահերու, փիղերու կատաղութեան կարելի է հանդիպիլ նոյնիսկ ամէնէն կրթուած՝ կրկէսային հանդէսներու նախապատրաստուած փիղերու պարագային: Պատահած է, դարձեալ, որ կրկէսային ելոյթներու ընթացքին յանկարծ կատղելով, ելոյթ ունեցող փիղը անակնկալ յարձակում գործէ հանդիսատեսներուն վրայ, առանց խտիր դնելու իր մէկ եղունգին հասակը ունեցող նորածին երեխային թէ յաղթանդամ մարդուն միջեւ:
_ Ի վերջոյ կենդանի է ու բնազդով կը շարժի, անոր վստահիլ չըլլար… Այսպէս կ՛ըսէր ծերունի խորհրդատուս, որուն խրատները տակաւին կը զնգան ականջներուս տակ, բազմահլուն ոսկեայ օղերու հաճելի զնգզնգոցով:
Փիղը լաւ պարեցնելու համար, պէտք է իրեն հարազատ գետինի վրայ կանգնեցուի: Այսինքն, անիկա շատ աւելի բնական պիտի պարէ, երբ կանգնած ըլլայ հողի կամ մարգագետինի վրայ, քան՝ ասֆալթի, քարի կամ մետաղէ բեմերու վրայ: Իսկ եթէ մարգագետինի վրայ կանգնած ըլլայ իր պարը ներկայացնելու մեզի, արդեօք պիտի մտածէ՞ կանաչ խոտին իր ոտքերուն տակ ճզմուելուն ու փճանալուն մասին… Երբե՛ք:
Ահա թէ մարդկային փիղերը ինչպիսի վերաբերում կ՛ունենան մեր կեանքին մէջ, երբ ուզենք պարահանդէսի տանիլ զիրենք: Կեանքը ի՛նք լայնարձակ մարգագետինի վրայ կազմակերպուած պարահանդէս է անժամանակ… Ոմանք կը յոգնին պարելէն ու կը նստին հանգչելու համար: Ուրիշներ անընդհատ կ՛ուզեն պարել մինչեւ մահ: Ոմանք ալ կան, որոնք որոշ ժամանակ հանգչելէ ետք, դարձեալ կ՛ուզեն մտնել պարի շրջագիծէն ներս, ու չնայած իրենց պառաւած տարիքին ու անհաճոյ կնճիռներուն, պարմանուհիներու նման կը ցատկռտեն, զզուանք պատճառելով փայլուն երիտասարդներուն, որոնց հետաքրքրութիւնը միշտ դէպի իրենց հասակակից նորածիլ ծաղիկները կ՛ուղղուի:
Փիղի պարին նուրբ տեսակը չկայ: Անիկա ինչ ձեւով ալ շարժէ իր մարմինը, անպայման իր ոտքերուն տակ գտնուող կանաչ խոտերը պիտի փճացնէ, ամբողջ մարգագետինը անհարթ ու տձեւ հարթակի վերածելով: Իսկ իր ձայնը… որ թերեւս պարի պահուն ուրախութեան կանչ է իրեն համար, մեր ականջները խլացնող աղմուկ պիտի ըլլայ ու փախցնէ մեզ իր մօտէն:
Այդ կանաչ խոտերը մարդիկ են, երբեմն մեր կեանքին համար շատ արդիւնաշատ ու ծառայասէր, որոնք իրենց նուիրումը համայնական կեանքի խոնարհ աստիճանին վրայ կ՛ուզեն տեսնել, առանց փառք փնտռելու: Իսկ նոյն դաշտին մէջ «պարելու» համար մտած փիղը ի՛նչ նրբութեամբ ալ պարէ, պիտի չկարենայ խնայել մեր կեանքը զարդարած այդ կանաչ գորգին, որուն իւրաքանչիւր թելով կը հիւսուի մարդկութեան առօրեայ կեանքը:
Ժողովրդային հին առածներէն մէկն ալ աւելի մանրամասնութեան երթալով՝ կ՛ըսէ, թէ փիղերը սիրաբանած ժամանակ, հոգ չեն ըներ թէ իրենց ոտքերուն տակ գտնուող խոտերը ի՛նչ վիճակի կը մատնուին: Պատկերը տարբեր ըլլալով հանդերձ, արդիւնքը կը մնայ նոյնը: Այսինքն, փիղը ի՛նչ տրամադրութեան մէջ ալ գտնուի՝ պարային, սիրային թէ սեռային, տուժողներ պիտի ըլլան իր այդ իրավիճակէն, եւ տուժողները խոտերն են, որոնք բնութեան գեղեցկութիւնն են, այնպէս ինչպէս խոնարհ ու ծառայասէր մարդիկ՝ կեանքի զարդերը:
Ի զուր է ճիգ թափել փիղին պարը նրբացնելու աշխատանքին վրայ: Յում պէտս վատնուած ժամանակ ու ջանք պիտի ըլլայ ատիկա: Իսկ այսօրուան սննդականոններով փիղին կշիռքը նուազեցնելը ինչքանո՞վ պիտի օգնէ մեր նպատակին: Ո՛չ մէկ ձեւով կամ չափով: Փիղը չունի այն գիտակցութիւնը, որ զինք մղէ իր մարմինը նրբացնելու: Անիկա պարզապէս կրնայ «նուրբ» շարժուձեւերը աւելցնել միայն, կարծելով թէ յաջողեցաւ «նրբացնել» իր պարը:
Փիղը իր բնութենէն հեռացնելը անկարելի գործ համարելով, խորհուրդ կու տանք գիտակից մարդոց՝ անոր հետ պարի հարթակ չմտնել, որքան ալ վստահութիւն ներշնչէ ան՝ պարային արուեստին տիրապետած ըլլալուն շուրջ համախոհութեան հրաւիրելով շրջապատը, որովհետեւ կրնայ յանկարծ կատաղութեամբ բռնուիլ ու ձեզ գետնին հաւասարեցնել իր ահեղ ոտքերուն տակ: