Սիրելի Աբօ,

Քիչ առաջ զարմանքով կարդացի գրածդ՝ խորհրդային ուղղագրութիւնը Ասպարէզի մէջ Մեսրոպեանի կողքին գործածելու հնարաւորութեան մասին: Անշո՛ւշտ որ արտառոց գտայ նման մտայղացում եւ մեղքցայ քեզի: Այդ որքա՛ն ճնշումի տակ ըլլալու ես թերթը առաւելագոյն թիւով անհատներու հասցնելու, որ գրեթէ պատրաստ ես անձնատուր ըլլալու եւ մեզ՝ արեւմտահայերէնի եւ Մեսրոպեան ուղղագրութեան կառչած ափ մը մարդիկ հետդ ալ անձնատուր ընելու: Կը յուսամ, որ իրապէս չես հաւատար առաջարկիդ եւ ըրածդ պարզ խաղ մըն է. ընթերցողը գրգռելու եւ հետաքրքրութիւն ստեղծելու միջոց:
Գիտեմ, որ խմբագիրի գործը շա՛տ դժուար եւ ապերախտ գործ է: Չի բաւեր մարդուժի եւ նիւթական միջոցներու պակասը, վրան ալ պէտք է քծնիս ասոր եւ անոր, շոյես մարդոց Եսերը, ենթարկուիս այսինչին կամ այնինչին քմահաճոյքին, նկատի առնես իրենց գաղափարները եւ երբեմն ստիպուած ըլլաս, անճրկած մէկ պահուդ, այսպիսի տարօրինակ առաջարկ ներկայացնելու «մատչելի» դառնալու համար հայութեան բոլոր հատուածներուն:
Այս նամակով քանի մը մտածում պիտի ղրկեմ քեզի: Այդ մտածումները խնդրեմ ընդունիս ոչ թէ որպէս նորագոյն ճնշում, այլ բարեկամի մը կողմէ եկած անկեղծ արտայայտութիւն:
Եթէ տակաւին յոյս ունինք, որ «Ասպարէզ»ը կրնայ կարդացուիլ, հետեւեալ կէտերը պէտք է նկատի ունենանք:
ա.- Կայքի վրայ չդնել թերթը, որովհետեւ ան, որ կը կարդայ կայքը, (ինչպէս՝ ես), չի կարդար անկէ ուշ հասնող թուղթէ օրինակը: Հիմա որ Մահազդներն ալ կայքի վրայ են, ո՞վ պիտի կարդայ իրական թերթը: Թերեւս պէտք է կայքը վճարովի ընել, կամ սպասել, որ իրական թերթը կարդացուած ըլլայ եւ աւելի ուշ ղրկել կայքին:
բ.- Մարդոց նկարները քիլօներով դնելը, եսերը շոյելու կամ նիւթական ապահովելու համար, բնաւ հետաքրքրական չի դարձներ թերթը: Նախընտրելի է նուազ էջերով ու ծաւալով, բայց բարձրորակ թիւեր հայթայթել ընթերցողին: Պէտք է հրամցնել բաներ, զորս ուրիշ տեղ չեն կրնար գտնել: Թերեւս նախընտրելի ըլլայ ամէնօրեայ չընել թերթը եւ Շաբաթ օրուայ խնամուած, առանց ուղղագրական սխալներու, ճաշակաւոր էջադրումով հոյակապ թիւեր հրատարակել: Կամ՝ ամէնօրեայ լուրերը դնել կայքի վրայ, իսկ Շաբաթ օրուան թիւը վերածել միտքերն ու հոգիները զարգացնող բարձրորակ թերթի:
Գ.- Չեմ կարծեր, որ յօդուածին ուղղագրութիւնն է, որ հեռու կը պահէ Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիները: Փաստօրէն, մենք՝ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ գործեր կարդացողներս, կը կարդանք սովետական ուղղագրութիւնը եւ ամէն օր կը դիմենք «Թերթ»ին կամ «Հետքի»ն: Պէտք է գտնել թէ ի՞նչ կը հետաքրքրէ Հայաստանէն արտագաղթած հայրենակիցները: Թերթօնով պարբերաբար ներկայացուած հայրենի գրագէտներու գործե՞ր, Հայաստանեան ճաշատեսակնե՞ր, հին օրերու յիշողութիւննե՞ր, զորս կրնան ղրկել ընթերցողները. վիճաբանութիւննե՞ր այս կամ այն հարցին շուրջ: Կլենտէյլի մէջ երիտասարդ հայ տղոց հետ կարճ հարցազրոյցնե՞ր (զորս կրնան ունենալ Ալէք Փիլիպոսէն մէկ երկու հոգի), զիրենք հետաքրքրող երաժշտութեան կամ խաղերու մասին լուրե՞ր, եւայլն: Սփիւռքի հայութիւնը վերջին տարիներուն դարձած է դէպի Երկիր եւ մանուկի ուրախութեամբ կ՛ընդունի, ինչ որ հայրենի է: Կը մնայ, որ արտերկրի մէջ ալ բոլոր հայորդիները քով քովի գան եւ ծանօթանան իրարու առանց զիրար դատելու: Ատիկա «Ասպարէզ»ը կրնայ ընել առանց զիջելու Մեսրոպեան ուղղագրութեան:
Դ.- Անշուշտ կայ եւ կը մնայ բոլորս չարչրկող հարցը՝ ո՞վ կը կարդայ այլեւս: Իրականութիւնը այն է որ ո՛չ մեսրոպեան, ո՛չ խորհրդային ուղղագրութիւնն է արգելք հանդիսացողը «Ասպարէզ»ի կամ այլ թերթերու ընթերցումին: Այս դարը արագ, հապճեպ եւ մակերեսային լուրերու դարն է: Նոյնիսկ արագօրէն ղրկուած պատգամներուն մէջ կը խեղաթիւրուին բառերը, կը կրճատուին : Մարդիկ համբերութիւն, ժամանակ եւ «սիրտ» չունին կարդալու: Թերեւս այդ իրողութիւնն ալ պէտք է մտածել տայ ժողովուրդին հասնելու եւ անոր որակը բարձրացնելու այլ կերպերու մասին: Վերջապէս՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ թերթին ապագան, երբ ասկէ տասը-քսան տարի ետք, հիները, մեսրոպեան կամ խորհրդային ուղղագրութեամբ կարդացողները անհետացած ըլլան եւ հրապարակը լեցուած ըլլայ հայերէն թերթ ու գիրք չկարդացողներով: Բայց ասիկա արդէն ուրիշ նամակի նիւթ է:
Յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով՝
ԱՆԻ