ՊԷՅՐՈՒԹ, ԱՄՄԱՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ կառավարութեան դէմ զինեալ պայքար մղող ընդդիմութեան աղբիւրները Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ին հաստատեցին այն տեղեկութիւնները, թէ Հալէպի հիւսիսային շրջանները գտնուող զինուորական խարիսխի մը մէջ սպաննուած է «Լիուա Թաուհիտ» խմբակի հրամանատարներէն Եուսէֆ Ապպասը («Ապու Թայէպ»), խմբակի ղեկավարութեան մէկ ժողովին ընթացքին տեղի ունեցած ռմբակոծման հետեւանքով: Վիրաւորուած են Քաթարի հովանաւորութիւնը վայելող խմբակին գլխաւոր հրամանատարն ու այլ բարձրաստիճան ղեկավար մը:
Խմբակը Ուրբաթ օր ձերբակալած է 30 կասկածելիներ՝ կառավարութեան ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով ամբաստանելով զանոնք:
Նոյն օրը, Հալէպի օդակայանին մօտերը տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին սպաննուած են ընդդիմութեան երկու անջատ ջոկատներէ ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ դասալիք եղած զօրավար մը, որ ապստամբներուն կողմը անցած էր:
Նաեւ, Հոմս նահանգին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուած է ապստամբներու հրամանատար մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.