
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նուլընտ դրական զարգացում համարած է Արցախի տագնապին կարգաւորման նպատակով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը:
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14ին, ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի եւրոպական հարցերով ենթայանձնաժողովին առջեւ՝ Նուլընտ ըսած է, թէ երկու տարուան ընթացքին, առաջին անգամ այս ամսուան վերջաւորութեան հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ, «որոնցմէ կախեալ է համապարփակ եւ կարգաւորուած բանակցութիւններ սկսելու հարցը»:
«Մենք կոչ կ՛ընենք անոնց, որ համարձակ եւ ստեղծագործական մօտեցում ցուցաբերեն», նշած է Նուլընտ:
« Վիքթորիա Նուլընտ դրական զարգացում համարած է »
Վաշինգտոնը միշտ ալ սխալած է իսլամական աշխարհի իր հաշիւներուն մէջ. Թուրքը եւ Ազերի-Թուրքը նոյն վտանքաւոր ցեղը եղած են քրիտոնեաներու եւ քրիտոնէութեան փճացման՝ Միջին Ասիոյ եւ Պալքանեան երկիրներու մէջ.
Պատմութեան մէջ շատ փաստեր արձանագրուած են թուրք ցեղին գործած անբուժելի ոճիռներուն վերաբերեալ՝ մեծագոյնը՝ Անմոռանալի եւ աններելի Հայոց Ցեղասպանութիւնը.
Այս նախագահներու հանդիպումէն ոչինչ կարելի է ակնկալել. Թուրք-Ազերին պիտի գայ հայուն ամբողջական յանցնուիլը (capitulation) պարտադրելու՝ առանց երբէք ընդունելու որ իրենք գրաւած եւ նստած են Պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ.
Չմոռնալ Թուրքիոյ պարագան, նկատելով որ Վիլսոնեան Քարտէսը Հայաստան կը ներկայացնէ՝ որ գրաւուած կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ՝ եւ որ ԱՄՆ բարոյական պարտաւորութիւնը ունի զայն վերահաստատելու.
Վահան Վանական,
Զուիցերիա