ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Վերջերս Հայաստանի Կոտայք մարզի Քանաքեռաւան համայնքին մէջ գործող արուեստի վարժարանը երկու դաշնակներ նուէր ստացած է՝ շնորհիւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ եւ անոր «Սայաթ Նովա» մշակութային յանձնախումբին նուիրատուութեան:
Արդարեւ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Աշի օծման առաջին տարեդարձին առիթով կազմակերպուած էր համերգ մը, որուն հասոյթը տրամադրուած էր այս նպատակին: Նուիրատուութիւնը իրականացած է «Փարոս» բարեսիրական հիմնարկին միջոցաւ:
Հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.