
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու խնդիրը այսօր հանրութեան համար դարձած է քաղաքական լուրջ խնդիր: Այս մասին 16 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը՝ խօսելով իսլամացած հայերու հիմնախնդիրներուն մասին:
Անոր համաձայն՝ այս հարցին նկատմամբ կայ քանի մը տեսակէտ՝ իշխանութեան, ազգայնամոլներուն՝ գորշ գայլերու ու անոնց մամուլին, եւ այս խնդիրին լաւագոյնս ծանօթ եւ խն-դիրին ճիշդ լուծում տուող մտաւորականութեան, որոնք կը պահանջեն այս հարցը արծարծել: Հայկազուն Ալվրցեան նաեւ նշեց, որ իսլամացած հայերը մեծ խումբ են, որոնց մէջ կայ երկու խումբ: Մէկ խումբը հաշտուած է իր կացութեան հետ եւ չ՛ուզեր յիշել անցեալը՝ վախ, ցեղասպանութիւն, ունեցուածքի ու կեանքի վտանգ: Իսկ միւս խումբը, որ կը կոչուի ծպտեալ հայեր, ներքին կեանքին մէջ պահած է լեզուն, աւանդութիւնները, ամուսնութիւնները, կրօնական հակումները եւ այսօր կը փափաքի բացայայտօրէն խօսիլ իր ազգային ինքնութեան մասին:
Բանախօսը նշեց, որ կը կարծուի, թէ քիչ բան գիտենք ծպտեալ եւ իսլամացած հայերուն մասին, բայց իրականութիւնը այնպէս չէ: «Բաւականին շատ հետազօտութիւններ են կատարւում եւ որոշ տուեալներ մեզ արդէն յայտնի են: Մենք ունենք ոչ օդից վերցուած տեղեկութիւններ, որը այսօր թուային տեսք էլ է ստանում: Այդ տուեալներով՝ մենք ունենք մօտաւորապէս իսլամահայութեան՝ համշէնահայերն էլ գումարած, երեք միլիոնից աւել, մօտ չորս միլիոն հայեր: Դրանցից մէկուկէս երկու միլիոնը ծպտեալ հայեր են: Սա ճշմարտութիւնից շատ հեռու լինել չի կարող», ըսաւ Հայկազուն Ալվրցեան: