ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ՀՀ պաշտօնական թէ կիսապաշտօնական քարոզչամիջոցները որսորդի պէս արթուն կը հսկեն եւ ակնդէտ կը հետեւին Թուրքիոյ լուրերուն, որպէսզի անմիջապէս, երբ որ տեսնեն ու բռնեն, մեր ժողովուրդին ներկայացնեն իրենց գտած «որս»ը…
Ո՛չ, խօսքը չի վերաբերիր թրքական քարոզչամիջոցներու հակահայ դրսեւորումները «որսալու», անոնց կեղծիքն ու յերիւրանքը մերկացնելու եւ պահանջատիրական արժանի պատասխան տալու ՀՀ իշխանութեանց… նախանձախնդրութեան։
Այդ հոգը ըստ երեւոյթին չ՛ապրիր պաշտօնական Երեւանը. լաւագոյն պարագային, նոյնիսկ եթէ կ՛ապրի, այդ գործը ձգած է – եթէ ոչ իր ընդդիմադիրներուն – որոշապէս սփիւռքահայ քարոզչամիջոցներուն եւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն կամ գրասենեակներուն։
ՀՀ իշխանութեանց յայտնապէս կը յուզէ եւ կը շահագրգռէ «որսորդութիւն»ը թէեւ նոյնպէս Թուրքիոյ առընչուած «զարգացումներուն», բայց բացայայտօրէն այսպէս կոչուած հայեւթուրք երկխօսութեան, մերձեցման ու հաշտեցման «ծառայող» ելոյթներուն կամ քայլերուն… առանց մոռնալու, անշո՛ւշտ, «որսորդութիւն»ը Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու, ցամաքային սահմանը բանալու եւ Արցախեան Հարցի արդար հանգուցալուծման իբր թէ «սատարելու» կոչուած թրքական իշխանութեանց պաշտօնական դրսեւորումներուն։
Ուշագրաւ է, որ պաշտօնական Անգարան իր կարգին, նաեւ՝ առջեւ անցնելով ու նախաձեռնողի դիրքերը գրաւելով, ամէն առիթ կ՛օգտագործէ եւ Երեւանի իր պաշտօնակիցներուն կը հրամցնէ անհրաժեշտ «որս»ը։
Օր մը վարչապետ Էրտողան, ուրիշ օր մը արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու, առանց մտահան ընելու նախագահ Կիւլը, թուրք պետական պատասխանատուները առիթը չեն փախցներ, նոյնիսկ առիթները կը ստեղծեն, որպէսզի ինչպէս մեծապետական աշխարհին, այնպէս ալ Հայաստանին ցոյց տալու եւ թիւր տպաւորութիւն տարածելու համար, թէ իբր տեսէք՝ Թուրքիա… ամենայն բարեացակամութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ կ՛աշխատի յօգուտ Հայաստանի եւ հայերու հետ «զերօ խնդիր» ունենալու քաղաքականութեան։
Թրքական «մեծահռչակ» դիւանագիտութեան կեղծիքի ու երկերեսայնութեան՝ անուղղայ լարախաղացութեան ամբողջ զինանոցը նորովի շարժման մէջ դնելով, պաշտօնական Անգարան կ՛աշխատի տարածել այն խաբուսիկ տպաւորութիւնը, թէ ուր որ է, շուտո՛վ, վերստին թափ պիտի առնէ հայեւթուրք երկխօսութեան ու հաշտեցման… անշարժութեան մատնուած շոգեկառքը։ Թուրքիա-Հայաստան ցամաքային սահմանի վերաբացման թրքական նախապատրաստութեանց, ինչպէս եւ դէպի Հայաստան երկաթուղագիծի վերագործարկման ուղղուած նորոգութիւններու մասին, վերջին օրերուն, աջէն թէ ձախէն կը հաղորդուին լուրեր։ Աւելի՛ն. Անգարայի պատասխանատուներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ կը դրուին յայտարարութիւններ, որոնք իբր թէ ուղղուած են Ատրպէյճանի եւ կ՛առաջադրեն եղեր Պաքուի իշխանութեանց մօտ հող պատրաստելու, ի նպաստ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացումին ու Արցախեան Կնճիռի խաղաղ հանգուցալուծումին։
Հայաստանի իշխանութիւնները փաստօրէն հալած իւղի պէս կուլ կու տան թրքական դիւանագիտութեան այսօրինակ լարախաղաց նախաձեռնութիւնները։ Աւելի՛ն. ուշադիր «որսալով» այդ ամէնը եւ իբրեւ «յուսալի» զարգացումներու հրամցնելով մեր ժողովուրդին՝ ՀՀ պաշտօնական թէ կիսապաշտօնական բանբերները կը փորձեն հող պատրաստել, որպէսզի վերստին նետուին եւ, իրենց ետեւէն, հայ քաղաքական միտքը դարձեալ աւազախրեն «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ոլորապտոյտին մէջ։
Մտահոգիչ է, որ ՀՀ իշխանութեանց ջատագոված «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ինքնախաբէութիւնը դատապարտող, այլեւ՝ Հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց տակ դրուած Հայաստանի ստորագրութեան յետս կոչումը պահանջող հայ քաղաքական ուժերը, այս պարագային ալ, սպասողական վիճակի մէջ յայտնուած են եւ չունին հայավնաս անակնկալները կանխելու քաղաքական շարժումի ծրագիր։
Չի բացառուիր, հարկաւ, որ Հայաստանի թէ՛ իշխանաւոր ուժերը, թէ՛ ընդդիմադիրները ակամայ, թերեւս նաեւ հակառակ իրենց կամքին, մեծապետական աշխարհի ճնշումին տակ, ստիպողութեան տակ են յարգելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ «երկխօսութիւն» ծաւալելու եւ յարաբերութեանց «բնականոնացում» առաջացնելու… միջազգային խաղականոնները։
Բայց նոյնիսկ այդ պարագային, ինչպէս որ թրքական իշխանութիւնները հնարամտօրէն կը փորձեն միեւնոյն հարկադրանքը ծառայեցնել ի նպաստ իրենց միջազգային դիրքերու ամրապնդման, այնպէս ալ հայկական կողմը, իր իշխանաւորներով թէ ընդդիմադիրներով, կոչուած է հակազդողի վիճակէն դուրս գալու, հնարաւորութիւնները գտնելու եւ նախաձեռնող ըլլալու թուրքեւատրպէյճանական կողմը ճնշման տակ պահող ազդու դիւանագիտութեան։
ՀՀ իշխանութիւնները ինչպէս 2009ին, երբ ստորագրեցին Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները, նաեւ այսօր ամենայն ինքնագոհութեամբ կը փորձեն արդարանալ, թէ խօսքով դիւրին է, բայց գործնապէս անհնար է նման նախաձեռնարկ եւ յարձակողական դիւանագիտութեան մը իրագործումը։ Նաեւ՝ կը շեշտեն, որ Հայաստան ո՛չ ունի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տնտեսական ու ռազմական ներուժը, ոչ ալ ի վիճակի է իբրեւ «շահեկան խաղաքար»ի ներկայանալու… մեծապետական աշխարհի քաղաքական առուտուրի շուկային մէջ։
Անհիմն փաստարկներ չեն այդ բոլորը, բայց նաեւ անշրջելի կամ անփոփոխելի տուեալներ չեն։
Քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխարհի մէջ միշտ ալ գործած է եւ այսօր ալ, աւելի քան երբեք, տակաւին կը գործէ ուժի փոխարինող պաշարներ յայտնագործելու եւ, անոնց նպատակամէտ օգտագործումով, ուժի սեփական հնարաւորութիւնները արդիւնաւորելու, այլեւ միջազգային ասպարէզի մէջ շահագրգիռ դիրքեր գրաւելու օրինաչափութիւնը։
Իսկ մեր պարագային, ՀՀ իշխանութիւնները սոսկ ինքնարդարացման եւ ներքին սպառման բաւարարութիւն տալու նպատակով հրապարակ կը նետեն այդօրինակ փաստարկները։
Հայաստանի ստորագրութիւնը 2009ի Արձանագրութեանց տակ պահելու իր տեսակէտին վրայ պնդելով՝ պաշտօնական Երեւանը փաստօրէն Անգարային կը յանձնէ Արձանագրութեանց խաղաքարտը ըստ կամս գործածելու առաւելութիւնը։
Քաղաքական-դիւանագիտական որեւէ հիմք չունի ՀՀ իշխանութեանց այն յաւակնութիւնը, թէ յաչս մեծապետական ուժերուն՝ Երեւանը կը բարձրացնէ միջազգային իր վարկանիշը, Արձանագրութեանց տակ դրուած իր ստորագրութեան տէր կանգնելով, առանց որ իբր թէ ստիպուած ըլլայ զայն վաւերացնելու։
Ընդհակառակն՝ իր այդ կեցուածքով, Հայաստան ըստ ամենայնի կորսնցուցած է Արձանագրութեանց թրքանպաստ յօդուածները էապէս բարեփոխելու, մինչեւ անգամ փաստաթուղթէն դուրս մղելու դիւանագիտական գրոհի իր հնարաւորութիւնները, մանաւանդ՝ նախաձեռնող ըլլալու առաւելութիւնը։
Ի վերջոյ տխրահռչակ այդ Արձանագրութիւնները Թուրքիա ի վիճակի է մեկնաբանելու իր նախընտրած ձեւով։ Իսկ Հայաստան, լաւագոյն պարագային, ցարդ հակազդող եղաւ եւ այսօր ալ պիտի ստիպուի պարզապէս հակազդելու թրքական հաւանական գրոհին՝ փորձելով իր նախընտրած մեկնաբանութիւնը տալ սահմաններու ճանաչման, Հայասպանութեան փաստի քննարկման եւ ազգամիջեան թշնամանքի դադրեցման առընչուող յօդուածներուն։
Աւելի՛ն. Արձանագրութիւնները ինքնանպատակ չեն եւ Հայաստան դիւանագիտական նախաձեռնութեանց լայն դաշտ մը Թուրքիոյ կը յանձնէ փաստօրէն, երբ հայեւթուրք երկխօսութեան եւ մերձեցման բուն օրակարգին սատարող համախոհութեան եզրեր առաջադրէ եւ, ըստ այնմ, նախաձեռնարկ ներկայանայ նոր Արձանագրութեանց տարազումին։
Հայեւթուրք նոր Արձանագրութիւններ, ուր թուրք մտաւորականութեան եւ ընդհանրապէս հասարակութեան արդարամիտ շրջանակներուն հետզհետէ լսելի դարձող տեսակէտն ու ձայնը իրենց արժանի տեղը պիտի գտնեն։
Զգո՜յշ, թրքական ծուղակ է դիւանագիտական ու քաղաքական այն «մեղմացում»ը, որ վերջին օրերուն Անգարայի վարիչներուն կողմէ շրջանառութեան մէջ կը դրուի՝ իբր թէ ի նպաստ Հայաստանի եւ հայութեան հետ յարաբերութեանց բնականոնացումին։
Սուրիական տագնապի առիթով իր դրսեւորած հրահրիչ ու հրձիգ վարքով՝ թրքական պետութիւնը տեղատուութեան մէջ է միջազգային թատերաբեմի վրայ։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղարար եւ հաշտարար շրջանային ուժի կեղծ պատմուճանը վերստին իր ուսերուն վրայ դնելու ճիգով՝ Թուրքիա կը փորձէ Հայաստանն ու հայութիւնը ծառայեցնել ծանրօրէն վնասուած իր վարկանիշը վերականգնելու հաշիւներուն։
…Նման անփորձ հայ սահմանապահ զինուորին որ գլուխը տնկած կարծեք բարեկամ կը փնտռէ սահմանին միւս կողմը.
Իսկ եթէ Ալիյեւը խելք ունի, և իր դիպուկահարները ետ քաշէ սահմանեն (աչքէ հերու պահւուտած), կամ նոյնիսկ իր սահմանապահները խնճոյք ընեն գիշեր/ցեռեկ Տուոլ-Զուրնայով- մէկ տարի անընդհատ. Նախագահ Սերճ Սարգսեանը կ՛մորնա որ թշնամի ունի միւս կողմը, մինջեւ ալիեվը իր դուռը թակէ!