
ԵՐԵՒԱՆ.– Մեծամօրի հնավայրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով պեղումներ կատարուած են խորհրդային տարիներուն՝ 1962 թուականին, վերջին անգամ՝ 2006ին: Աշխատանքները այս տարուան ամրան կարելի եղաւ վերսկսիլ Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ Պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան եւ Վարշաւայի հնագիտութեան հիմնարկին միջեւ հաստատուած համագործակցութեամբ:
Հայ եւ լեհ մասնագէտներու պեղումներու գլխաւոր բացայայտումը այն է, որ Մեծամօրի մէջ քաղաքաշինութեան գործընթացները սկսած են Քրիստոսէ առաջ՝ առաջին հազարամեակին: Արշաւախումբը ուսումնասիրած է նաեւ Զօրաց քարերու տարածքը: Այս տարուան աշխատանքները ամփոփած է արշաւախումբի ղեկավար Աշոտ Փիլիպոսեանը:
Հայ եւ լեհ մասնագէտներէ կազմուած արշաւախումբը ուսումնասիրած է Մեծամօրի հնավայրի 3 հատուածները՝ դամբարանադաշտի, միջնաբերդի եւ քաղաքային թաղամասի:
«Միջնաբերդում բացուեցին վաղ միջնադարեան, անտիկ դարաշրջանի, երկաթի, ուշ եւ վաղ բրոնզի ժամանակաշրջաններին վերաբերող հնագիտական հորիզոններ», դիտել տուած է Փիլիպոսեանը:
Անոր համաձայն, յատկապէս հետաքրքրական են Մեծամօրի քաղաքային թաղամասի պեղումները: Ընդամէնը 30-40 սմ. խորութեան վրայ հնագէտները յայտնաբերած են առաջին հազարամեակի կացարաններու հետքեր՝ ուղղանկիւն եւ քարաշար: Գտած են 5 մեծ կարաս, փոքր ամբողջական անօթ եւ զոհասեղանի մասեր: Ասիկա մասնագէտները մղած է վերանայելու իրենց պատկերացումները, թէ վերնախաւը բնակած է միջնաբերդին մէջ, իսկ քաղաքային մասերուն մէջ հիմնականօրէն ապրած է սպասարկող անձնակազմը:
«Այս պեղումները ցոյց տուեցին, որ գործ ունենք ոչ ցածր սոցիալական կարգավիճակ ունեցող մարդկանց հետ, եւ այս կացարանները հնարաւորութիւն են տալիս ասելու, որ քաղաքագոյացման գործընթացները հայկական լեռնաշխարհ գոնէ այս հատուածում՝ Արարատեան դաշտում, 2-1 հազարամեակնների սահմանագծին են», նշած է ան։
Հայ եւ լեհ մասնագէտները նաեւ ուսումնասիրութիւններ կատարած են Զօրաց քարերու տարածքին մէջ: Աշոտ Փիլիպոսեան դիտել տուած է, որ պեղումները ցոյց պիտի տան, թէ ի՛նչ ժամանակաշրջանի եւ մշակութային, ընկերային-տնտեսական ի՛նչ երեւոյթներու հետ գործ ունինք: Բայց 30ական թուականներուն այս տարածքին մէջ պատահաբար բացուած դամբարանը հնավայրին մասին որոշակի պատկերացում կու տայ։
«Նիւթը վերաբերում է մօտաւորապէս Ն.Ք. 16-17 դարերին, թաղում է, յատկապէս առանձնանում են ծառերից պատրաստուած բաժանարարները, 60-70 սանտիմետրանոց բրոնզէ սուսերը, պերճանքի առարկաները եւ այլն», բացատրած է Փիլիպոսեան:
2 հնավայրերուն մէջ աշխատանքները պիտի շարունակուին յաջորդ ամառ: Մեծամօրի գտածոները պիտի վերականգնուին եւ ցուցադրուին տեղւոյն թանգարանին մէջ: