
Վերջերս, Նիւ Եորք այցելեց թուրք լրագրող ու Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշայի թոռ՝ Հասան Ճեմալը: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Թէքէեան» միութեան Նիւ Ճըրզիի կեդրոնին մէջ: Ներկայ էին Հայկական համագումարի, Վարդանանց ասպետներու համախմբումի եւ «Թէքէեան»ի պատասխանատու անձնաւորութիւններ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Վարդանանց ասպետներու անդամ Հրանդ Կիւլեան, որ հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան հիւրը, որ յատկապէս եկած էր ներկայ գտնուելու այս եւ նախորդ երեկոյեան Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովրդական հանդիպման, որուն ներկայ գտնուած էին 250 ազգայիններ:
Հ. Ճեմալ անգլերէնով կարդաց իր խօսքը Ցեղասպանութեան նուիրուած իր համանուն գիրքին հրատարակութեան դրդապատճառներուն մասին՝ տալով լուսաբանութիւններ:
Յաւուր պատշաճի իր խօսքը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿի մշտական ներկայացչութեան դիւանագէտներէն Սահակ Սարգսեան, որ արժեւորեց նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը հանրային կարծիք կազմելու համար Ցեղասպանութեան շուրջ, մանաւանդ՝ Մեծ Եղեռնի դարադարձի նախօրէին:
Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն սրտբացօրէն արտայայտուելու եւ հարցադրումներ կատարելու: Ներկաները, ամենայն համարձակութեամբ, կրցան իրենց երբեմն զգացական եւ երբեմն քաղաքական հարցերը տալ հիւրին: Հասան Ճեմալ այդ հարցերուն պատասխանեց ամենայն պատասխանատուութեամբ: