ԹԱՒՐԻԶ.- Ուրբաթ, 22 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 11ին, Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանի «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Ատրպատականի Հայոց թեմի 20րդ նստաշրջանի առաջին ժողովը, նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:
Բացման աղօթքէն ետք ընտրուեցաւ առժամեայ դիւան, աւանդութեան համաձայն՝ երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամներով, իբրեւ ատենապետ եւ ատենադպիր: Այս կազմին մէջ Համազասպ Ոսկանեան իբրեւ երիցագոյն անդամ ատենապետութիւնը վարեց, իսկ կրստերագոյն երկու անդամներ՝ Սարգիս Ազիզեան եւ Արմոնտ Պատալեան ատենադպրութիւն կատարեցին:
Թեմակալ առաջնորդին կողմէ ընթերցուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը՝ ուղղուած նորընտիր ժողովին, ուր վեհափառը հայրական սիրով կը յորդորէ Ազգային իշխանութեան բոլոր անդամները համախմբուելու թեմի ընդհանրական շահերուն շուրջ: Կաթողիկոսը իր Հայրապետական պատգամին մէջ, ի միջի այլոց, կ՛ըսէ. «Երեփոխանական ժողովը, իբրեւ թեմի օրէնսդիր մարմինը, պէտք է գործէ միշտ մեկնելով թեմի ժողովուրդի գերագոյն ու ընդհանրական շահերէն: Մենք քաջատեղեակ ենք թեմի դիմագրաւած կարիքներուն ու մարտահրաւէրներուն: Նաեւ մօտէն տեղեակ ենք առաջնորդ հայր սուրբին գլխաւորութեամբ թեմը վերակազմակերպելու ու ժողովուրդի կեանքէն ներս հոգեւոր ու ազգային իմաստով վերանորոգ կենսունակութիւն յառաջացնելու մտածումներուն ու ծրագիրներուն: Մեր թելադրութիւնն է, որ միասնական ոգիով քննարկէք ու ծրագրէք կարելին եւ լաւագոյնը՝ Ատրպատականի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն համար»:
Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ նաեւ բարձրօրէն կը գնահատէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շրջանի բոլոր պատասխանատուներուն բարեացակամ վերաբերումը մեր թեմի զաւակներուն նկատմամբ:
Վեհափառ հայրապետին յորդորական եւ քաջալերական պատգամէն ետք ստուգում կատարուեցաւ լիազօրագիրներու, երբ իւրաքանչիւր երեսփոխան հաստատեց իր ներկայութիւնը եւ համապատասխան լիազօրագիր ստացաւ:
Ապա, Երեսփոխանական ժողովին դիմաց ելոյթ ունենալով իր պատգամը ներկայացուց թեմակալ առաջնորդը: Ան ազգի ծառայութեան լծուած մարդոց արդիւնաւէտ գործունէութեան համար անհրաժեշտ յատկանիշներ համարեց՝ ա.- համեստութիւնը, բ.- գիտակցութիւնը եւ գ.- պատրաստակամութիւնը: Երեք յատկանիշները՝ իբրեւ առաքինութիւններ ներկայացնելով, ազգի ծառայէն անոնց նկատմամբ համապատասխան վերաբերում ակնկալեց: Ի վերջոյ, ան անդրադարձաւ թեմի վարչականօրէն հաստատման 750ամեակին, որ կ՛ամբողջանայ յառաջիկայ՝ 2014 թուականին, եւ առաւել պատասխանատուութեան հրաւիրեց իւրաքանչիւր երեսփոխան, տէր կանգնելու այն աւանդին, որով հպարտանալու եզակի առիթը միայն հայ եկեղեցւոյ հնագոյն թեմի՝ Ատրպատականի հայոց թեմի զաւակներուն ընծայուած է:
Ժողովը իր օրակարգին համաձայն՝ շարունակեց ընթացքը, ընտրելով մնայուն դիւանը: Յառաջիկայ չորս տարիներուն համար ատենապետներ ընտրուեցան տոքթ. Արա Մելիքեանը եւ Վահիկ Բայրամեանը, իսկ ատենադպիրներ՝ Արմինէ Վահրամեանը եւ տոքթ. Էլվիս Մայիլեանը: Թեմակալ առաջնորդն ու երեսփոխանական ժողովի լրիւ կազմը բարձրօրէն գնահատեցին Փայլակ Սահակեանը, որ հակառակ ժողովի արտայայտած բացարձակ վստահութեան իր անձին նկատմամբ, վեհանձնօրէն իր տեղը զիջեցաւ երիտասարդ սերունդին: Իւրայատուկ երեւոյթ մը, որ բաղձալի է ազգային գրեթէ մեր բոլոր կառոյցներէն ներս, վերանորոգելու եւ թարմացնելու համար զանոնք:
Մնայուն դիւանի ընտրութենէն ետք թեմի զոյգ վանքերու երեսփոխաններու եւ Սալմաստ գաւառի երեսփոխանի ընտրութիւն կատարուեցաւ: Ս. Թադէի վանքի երեսփոխան ընտրուեցաւ Լալա Ֆարհատեանը, Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի երեսփոխան ընտրուեցաւ Ճրտգ. Ռիմա Աղաճանեանը, իսկ Սալմաստ գաւառի երեփոխան՝ Ռուբէն Տէր Պօղոսեանը:
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պետական երեսփոխան դոկտ. Կարէն Խանլարեանի ողջոյնի խօսքը հաղորդեցին թեմակալ առաջնորդն ու Փայլակ Սահակեանը: Դոկտ. Խանլարեանը սրտանց կը շնորհաւորէր եւ բարի աշխատանք կը մաղթէր նորընտիր Երեփոխանական ժողովին:
Այնուհետեւ ժողովը կազմակերպական իր օրակարգով աշխատեցաւ նախնական ուղեգիծ-ծրագիր պատրաստել, յառաջիկայ գործունէութեան համար: Ճըշդուեցան աշխատանքային ոլորտներն ու բնագաւառները, աւելիով օգտակար հանդիսանալու ո՛չ միայն թեմի կազմակերպական աշխատանքներուն, այլ յատկապէս նուիրուելու ժողովուրդի ծառայութեան: Հաշուետուութիւնը անխուսափելի նկատուեցաւ, նախ յարգելու համար իր պատգամաւորները ընտրող ժողովուրդը, եւ ապա նաեւ հետեւողական ըլլալու կատարուած աշխատանքներու ընթացքին նկատմամբ:
Թեմակալ առաջնորդի «Պահպանիչ» աղօթքով եզրափակուեցաւ անդրանիկ նիստը, եւ ապա ներկաները սիրոյ սեղանի մասնակից դարձան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.