ՖՐԵԶՆՕ.- Հոկտեմբեր 25-27 շաբաթավերրջը, Հայ իրաւաբաններու միութեան անդամները՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, հաւաքուած էին Ֆրեզնօ, պատուելու համար Քալիֆորնիոյ Վճռաբեկ ատեանի դատաւոր Չարլզ «Չաք» Փուչիկեանն ու իրաւական համակարգին մաս կազմող այլ հայորդիներ, իրենց արտակագ հանրային սպասարկութեանց համար:
Շաբաթավերջի նախաձեռնութիւններէն առաջինը Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ կայացած ընթրիքն էր, որ առիթ մը եղաւ քաղաքի հայութեան մօտէն ծանօթանալու հայ իրաւաբաններուն, մինչ իրաւաբանները վայելեցին հայկական համեղ ճաշեր ու ներկայ եղան եկեղեցւոյ տարեկան «պազար»ին:
Շաբաթ օր, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի առաջնորդութեամբ, իրաւաբանները մասնակցեցան մօտաւորապէս չորսժամեայ շրջապտոյտի մը՝ այցելելով քաղաքի «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ գտնուող Ուիլեըմ Սարոյեանի եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի գերեզմանները, Ֆաուլըրի մէկդարեայ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցին, ուր Եղիա քհնյ. Հայրապետեան տեղեկութիւններ փոխանցեց համայնքին մասին, ինչպէս նաեւ Սիմոնեաններու այգիները՝ վայելելով անոր պտուղները: Աւարտին, իրաւաբանները այցելեցին համալսարան՝ մօտէն ծանօթանալով հոն գործող Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքի աշխատանքներուն: Հայ իրաւաբաններու միութեան ատենապետ Կարօ Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնած է փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին, որ իր սուղ ժամանակը տրամադրած է եւ առիթ ընծայած, որ իրաւաբանները լաւապէս ծանօթանան Ֆրեզնոյի պատմութեան եւ յատկապէս անոր հայկական բաժինին:
Ապա, իրաւաբանները մեկնեցան Ֆրեզնոյի «Հայկական հին քաղաք»ը կոչուող շրջանը գտնուող Քալիֆորնիոյ Վճռաբեկ ատեանի 5րդ շրջանի կեդրոնատեղին՝ հիւրընկալուելով դատաւոր Չաք Փուչիկեանի, դատաւոր Պրետ Հիլի եւ Քալիոֆորնիոյ իրաւական համակարգին մէջ ամենաբարձր դիրքը ունեցող հայորդիին՝ Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի դատաւոր Մարվին Պեքսթըրի կողմէ:
Շաբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ շաբաթավերջի գլխաւոր նախաձեռնութիւնը, որ Հայ իրաւաբաններու միութեան «Դատաւորներու երեկոյ» կոչուած ձեռնարկն էր՝ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գլխաւոր սրահին մէջ, մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 200 իրաւաբաններու, դատաւորներու, համակիրներու եւ հիւրերու:
Ֆրեզնոյէն շարք մը հեղինակաւոր փաստաբանական գրասենեակներ, ներառեալ՝ «Պէյքըր Մանոք, Պարատաթ եւ Փապուճեան», «Տաուլինկ Էրըն, Քոլմըն եւ Հորոուից», «Լոզանօ Սմիթ, ՄըքՔորմիք Պարսթօ եւ Թոմասեան», «Փիմենթել եւ Շահպազեան», ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի գործօն հայ ընտանիքներ, ինչպէս՝ Աբգարեան, Մսըրլեան, Փառնակեան ու Փուչիկեան, հովանաւորած էին սոյն ձեռնարկը:
Հայ իրաւաբաններու միութեան վարչութեան նախկին անդամ Կարօ Քէյ. Յովհաննէսեան ձեռնարկին հանդիսավարն էր. ան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց Վահան քհնյ. Կոստանեանը կատարելու օրհնութեան աղօթքը: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայ իրաւաբաններու միութեան ատենապետ Կարօ Ղազարեանը, որ ներկաները հրաւիրեց պահ մը լռութեամբ յարգելու յիշատակը Ֆրեզնոյի գերեզմաններուն մէջ հանգչող հայորդիներուն, որոնք Հայկական Ցեղասպանութեան մոխիրներուն վրայ հիմնած էին Ֆրեզնոյի հայկական եռուն համայնքը: Ապա ան կոչ ըրաւ շրջանի իրաւաբաններուն, որ հայութեան հետ իրենց կապերը սերտ պահեն կամ սերտացնեն՝ շեշտելով, թէ կարելի է լաւապէս հայ ըլլալ, նոյնիսկ առանց հայերէն կարդալու, խօսելու կամ գրելու: «Հայ ըլլալու կարիքը, հայ համայնքին ու Հայ Դատին սպասարկութիւններ տրամադրելու պահանջը ոեւէ անձ մը կը զգայ իր հոգիին մէջ», ըսաւ Ղազարեան՝ աւելցնելով, թէ այս ձեռնարկը Ֆրեզնոյի մէջ տեղի կ՛ունենայ, ոչ թէ որովհետեւ Ֆրեզնօն պէտք ունի Հայ իրաւաբանական միութեան, այլ ընդհակառակը՝ Հայ իրաւաբանական միութիւնը կարիքն ունի Ֆրեզնոյի աջակցութեան:
Վերջաւորութեան, Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆր-եզնօ քաղաքին, որ Հայ իրաւաբանական միութեան տուած էր իր հիմնադիրը՝ Ռաֆֆի Քէյ. Յովհաննէսեանը, եւ խօսքը փակեց՝ ըսելով, թէ հայութիւնը երախտապարտ պէտք է ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն, որ բարգաւաճելու ու միաժամանակ իր ինքնութիւնը պահպանելու առիթներ ընծայած է հայութեան:
Ապա, ներկաները վայելեցին Ֆրեզնոյի տաղանդներէն՝ սոփրանօ Պերճ Աբգարեանի կատարումները. Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի հանգստեան կոչուած դատաւոր Արմատ Արապեան բեմ բարձրանալով՝ իր ինքնակենսագրական «Ֆրամ Կրեւըլ թու Կեւըլ» հատորէն օրինակներ շնորհեց դատաւորներ Փուչիկեանի ու Պեքսթըրի:
Ապա, Պեքսթըր ներկայացուց օրուան մեծարեալը՝ Չաք Փուչիկեանը: Պեքսթըր, որ Ֆաուլըրէն է, յիշեցուց ներկաներուն, թէ կարելի չէ հերքել այն իրողութիւնը, որ Օսմանեան կայսրութեան արհաւիրքներէն փախուստ տուող հայերը ապաստան գտած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն պէտք է նաեւ յիշել, թէ անոնք «բաց գիրկերով» չեն ողջունուած տեղացիներուն կողմէ՝ նշելով Ֆրեզնոյի հայերուն դիմագրաւած խտրականական դժուարութիւնները, որոնց իբրեւ հետեւանք, շրջանի հայութիւնը աւելիով մօտեցած է իրարու՝ հիմնելով ընկերային կազմակերպութիւններ, որոնք պիտի երաշխաւորէին հայութեան վերապրումը մինչեւ մեր օրերը: Ան նաեւ դրուատեց Հայ իրաւաբանական միութիւնը, որ որոշած էր պատուել մեծարանգի արժանի Ֆրեզնոյի բնիկ զաւակ մը՝ Չաք Փուչիկեանը:
Ձեռնարկի ամենազգայացունց ելոյթը ունեցաւ Հայ իրաւաբանական միութեան նախկին ատենապետ ու ներկայ փոխատենապետ Արմէն Քէյ. Յովհաննէսեանը, որ նաեւ միութեան հիմնադիր անդամներէն մէկն է: Ան դրուատեց Փուչիկեանը, որ մօտաւորապէս 100 տարի առաջ Ֆրեզնօ հաստատուած իր նախահայրերուն արժանիքները կրցած է պահպանել՝ արժանանալով անկեղծ եւ ուղղամիտ իրաւաբանի կամ՝ «դատաւորներու միջեւ դատաւոր»ի վարկին: Ապա ան ողջունեց ձեռնարկին ներկայ գտնուող Ֆրեզնօ գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւորները, որոնք էին՝ Պրայըն Արաքս, Տէյվիտ Քալէմքարեան, Տեպրա Գազանճեան, Էտուըրտ Սարգիսեան, Հուրի Սենտըրսըն, Ճան Վոկթ ու Ճէյմզ Էրըն (հանգստեան կոչուած):
Բեմ բարձրացաւ դատաւոր Փուչիկեանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Արմէն Քէյ. Յովհաննէսեանին կողմէ իր հասցէին կատարուած դրուատիքին համար, ինչպէս նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան՝ զինք մեծարելու որոշումին համար, եւ վերջապէս՝ Հայաստանին:
Ապա մեծարեալին յանձնուեցաւ Կլենտէյլէն արուեստագիտուհի Սիրուն Երէցեանի կողմէ գծուած գեղեցիկ սիրամարգի նկար մը ու մեծարեալը պատուող արձանագրութիւն մը կրող պաստառ մը, ուր կը նշուէր, թէ Փուչիկեան իր համայնքին համար արտակարգ տիպար մըն է:
«Դէպի Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական հովիտ ու շրջանի հայութեան համար կատարուած Հայ իրաւաբաններու միութեան այս ուխտագնացութեան յուշերը փորագրուած պիտի մնան անոր մասնակցողներու յուշերուն մէջ», խօսքը եզրափակեց ատենապետ Կարօ Ղազարեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.