ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ
Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի առաջնոր-դարանի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 10, երեկոյեան ժամը 7ին, «Համբար ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, տօքթ. Ալֆրէդ Դանիէլեանի վերջերս լոյս տեսած՝ «Ժամանակակից Հիւանդութիւնների Ճանաչում» բժշկագիտական արժէքաւոր հատորին շնորհանդէսը: Կոկիկ սրահին բոլոր աթոռներն ալ գրաւուած էին գրասէր հասարակութեան կողմէ:
Հանդիսավար Սարգիս Մաճառեան, բարի գալուստի հակիրճ խօսքէ ետք, ընթացք տուաւ յայտագրին:
Ճանաչուած երգչուհի եւ խմբավար Ալենուշ Եղնազար, դաշնակի ընկերակցութեամբ Հովիկ Ոսկանեանի, Սայաթ-Նովայէն կատարեց երկու գեղեցիկ երգեր, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
Օրուան առաջին բանախօսն էր, թէ՛ բժշկական եւ թէ ազգային-հասարակական իր գործունէութեամբ բոլորիս ծանօթ տօքթ. Յովիկ Մելիտոնեան: Հանդիսավարը ամփոփ կերպով ներկայացուց իր կեանքը: Ծնած է Լիբանան: Քանի մը տարի ազգային նախակրթարան յաճախելէ ետք, պարագաներու բերումով իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն «Ֆրեր»ներու եւ ֆրանսական Լիսէի մէջ: Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն իր պաքալորիան ստանալէ ետք կը մեկնի Պելճիքա եւ բժշկական վկայականը կը ստանայ Պրիւքսէլի համալսարանէն: Վերադառնալով Լիբանան, կը մասնագիտանայ մանկաբուժութեան մէջ, տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանի բժշկական կեդրոնին մէջ: Եղած է գործունեայ անդամ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) եւ ՀԲԸՄի: 1975ին կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ եւ իր մասնագիտութիւնը կը շարունակէ Ֆլորիտայի համալսարանին մէջ: 1977ին վերջնականապէս կը հաստատուի Քալիֆորնիա, ուր կ՛ունենայ իր դարմանատունը Հոլիվուտի մէջ, իսկ վերջին 21 տարիներուն՝ Կլենտէյլի մէջ: Եղած է հիմնադիր անդամներէն ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. Յանձնաժողովին, որ յետագային կոչուեցաւ Արեւմտ. Ամերիկայի Շրջ. վարչութիւն եւ որուն 2 տարի ատենապետը եղած է: Յաջողապէս կազմակերպած է Լոս Անճելըսի մէջ առաջին համերգ դրամահաւաքը, ի նպաստ 1988ի Լենինականի երկրաշարժի զոհերուն: Վերջին երկու տարիներուն եղած է, «US News & World Report» շաբաթաթերթի «Top Ten Doctors» ցանկին վրայ՝ մանկակաբուժութեան ոլորտի մէջ: Ամուսնացած է Լիդա Շահնազարեանի հետ: Ունին երկու դուստրեր՝ Անի-Սեւան եւ Լինա-Պերճուհի եւ երկու թոռներ՝ Մայքըլ-Յովհաննէս, Սեւանայ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած իր բանախօսութիւնը կամ բժշկական քննարկումները սկսելով «Ժամանակակից հիւանդութիւնների ճանաչում» հատորի առաջին՝ «Ինչո՞ւ է մեծանում պրոստատը» նիւթով, տօքթ. Մելիտոնեան մանրամասնօրէն խօսեցաւ այս թեմայով տօքթ. Ալֆրէդ Դանիէլեանի ներկայացուցած յաջորդական չորս տարբեր՝ «Պրոստատի ստուգման քննութիւնները», «Պրոստատի բարորակ գերաճում», «Պրոստատի բորբոքում» եւ «Պրոստատի քաղցկեղը» գլուխներուն մասին: Յաջորդաբար անցաւ եւ մէկ առ մէկ ներկայացուց Թալասեմիա (Thalassemia)՝ անարիւնութիւն կամ սակաւարիւնութիւն, յօդացաւակերպ յօդաբորբ (Reumatoid Arthritis (RA), ոսկրայօդաբորբ (Osteoarthritis (OA), կապոյտ հազ (Whooping cough), յօդակաթուած (Gout), պալարախտ՝ թոքախտ (Tuberculosis), սուսանակ (Gonorrhea), սիֆիլիս՝ վեներական հիւանդութիւն, նստանեարդաբորբ (Sciatica), սպիտակարիւնութիւն՝ լէյկոզի (Leukemia), Հայկական հիւանդութեան (Familier Mediterranean Fever (F.M.F.), վահանագեղձ (Thyroid Gland), քաղցկեղ, կատաղութիւն (Rabies), ժանտախտ եւ սրտի կաթուած հիւանդութիւններու մասին:
Յարգելի բանախօսը խիստ գնահատելի գտաւ տօքթ. Դանիէլեանի գեղեցիկ հայերէնով, բառագիտական նոր ձեւերով տուած յստակ բացատրութիւնները՝ հիւանդութիւններու առաջացման, ախտորոշման, պատճառագիտական եւ բուժման մասին: Ըրաւ կարգ մը թելադրութիւններ, որոշ հիւանդութիւններու հետ արդիական տարբեր մեթոդներով վերաբերուելու եղանակներուն մասին. մանաւանդ բարձր գնահատեց 94 տարիքին տօքթ. Դանիէլեանի պրպտելու, հետազօտելու, աշխատելու եւ ստեղծագործելու կիրքն ու աւիւնը, շնորհաւորեց եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ, միաժամանակ հրաւիրելով հանրութիւնը, որ անպայման կարդայ «Ժամանակակից հիւանդութիւններու ճանաչում» գիրքը:
Օրուան երկրորդ բանախօս՝ տաղանդաւոր բանաստեղծ արձակագիր Գէորգ Քրիստինեան ծնած է Հայաստան: Ուսանած է Արեւիկի միջնակարգ դպրոցը, Լենինականի քառամեայ մանկավարժական ուսումնարանը: 1951-56 սովորած եւ Կարմիր դիպլոմով աւարտած է Միքայէլ Նալբանդեանի անուան Պետական մանկավարժական համալսարանի պատմալեզուագրական ինստիտուտը: Աշխատակցած է Հանրապետութեան «Բանուոր», «Շիրակ», «Երեւան» օրաթերթերուն: Եղած է «Էկրան» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր, «Հայաստան» «Խ. Հայաստան» հրատարակչատան վերստուգիչ խմբագիր եւ գրաքննադատ: Երկար տարիներ եղած է Երեւանի «Հայֆիլմ» կինոստուդիայի դերասանական դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար: Լոս Անճելըսի մէջ աշխատակցած է «Ասպարէզ», «Նոր Հայաստան», «Նոր Կեանք», «Մասիս» «Նոր Օր» թերթերուն: Ներկայիս նախագահն է Քալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան: Գ. Քրիստինեան 40 վաւերագրական շարժանկարներու հեղինակ է: Իր բանաստեղծական արձակ գործերէն շատեր թարգմանուած են ռուսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի, վրացերէնի եւ ուկրաներէնի:
Տպաւորիչ եղանակով մը մեկնարկելով իր նիւթը, Գ. Քրիստինեան ըսաւ, թէ «մարդը բնութեան զաւակն է, բնութեան մի մասնիկը, որն իր զգայական ու խոհական ակտիւ՝ ներգործուն յատկանիշների, ունակութիւնների եւ բազմաբնոյթ շնորհներով տիրակալն է դարձել երկրի ու բնութեան, երկրագնդի ու տիեզերական հեռուների: Եւ մարդ արարածը դարերի ընթացքում քայլ առ քայլ տիրապետեց բնութեան գաղտնիքներին եւ իր ապրելու եւ գոյատեւելու խորհուրդին: (…) Ակտիւ բժշկութիւնն ու բժշկագիտութիւնը ձեւաւորում են մարդկութեան կեանքի այն մակարդակը, երբ անհատը ինքն է հետաքրքրւում իր սեփական առողջութեամբ: Հասարակութեան առողջ մտածողութիւնը ձեւաւորւում է այն բժիշկների, մասնագէտների գրաւոր ու բանաւոր խօսքով, ովքեր իրենց գիտելիքները հասցնում են ժողովրդին՝ յատկապէս մամուլի, գրքերի, բառարանների, հեռուստատեսութեան այլ միջոցներով: Այդ նուիրեալներից է դոկտ. Ալֆրէդ Դանիէլեանը, որ խելացի, տաղանդաւոր աշխատութիւններով խօսում ու դաստիարակում է մեր ժողովրդին:
(…) Դոկտ. Ալֆրէդ Դանիէլեանը հիպոկրատական ազնիւ նուիրեալներից մէկն, որ տասնեակ տարիներ տքնաջան աշխատանք է տանում մարդու, հասարակութեան առողջութեան պահպանման՝ մարդասիրական բնագաւառում, իբրեւ բժշկագիտութեան զարգացնող ու տարածող, գրող ու բառարանագէտ:
«Դոկտ. Ա. Դանիէլեանի նշանաբանը իմաստուն է. «Հիւանդութեան ճանաչումը կէս բուժում է»: Փառք ու պատիւ մեր սիրելի դոկտոր Ալֆրէդ Դանիէլեանին, այս հրաշալի գրքի հեղինակին…»:
«(…) Շնորհաւորում եմ դոկտ. Ա. Դանիէլեանին եւ խորհուրդ եմ տալիս բոլորին կարդալ, ուսումնասիրել այս գիրքը»:
Առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան, իր սրտի խօսքի մէջ ըսելէ ետք, թէ «մենք այսօր, այստեղ հաւաքուած ենք տօքթ. Ալֆրէդ Դանիէլեանի «Ժամանակակից Հիւանդութիւնների Ճանաչում» գիրքին նուիրուած շնորհանդէսի առիթով», յարգելի տօքթորին դիմելով, շարունակեց. «Մենք անձնապէս ձեզ ճանչնալու բարի պատեհութիւնը ունեցանք մի քանի առիթների ընթացքին եւ, անկեղծօրէն, ձեր մէջ գտանք այն բարի, խոնարհ հայ քրիստոնեայ անձը, որ գիտէ Աստուծոյ տուածը, երկնատուր պարգեւը իմաստաւորել աշխատասիրութեամբ, բացառիկ նուիրումով եւ ծառայութեամբ: Իւրաքանչիւր գիրք, որ լոյս էք ընծայած, ձեր միտքը, ձեր հոգին եւ ամբողջ էութիւնն էք ներդրած այնտեղ ա՛յն տեսիլքով, որ այդ ծառայութիւնը մարդկութեան բարիք պիտի համարուի:
«Երբ կը խօսուէր այստեղ ձեր մասին որպէս բժիշկ եւ բառարանագէտ, մենք երկու փոքրիկ սահմանում թուղթին յանձնեցինք, մեր անկեղծ զգացումներն ու շնորհաւորութիւնները, մեր հիացմունքը եւ մեր խոնարհումը յայտնելու ձեր անձին նկատմամբ: Առաջին, երբ կը խօսինք բժիշկի մասին, որ դուք կը ներկայացնէք, այն բազմաբնոյթ տաղանդներով օժտուած հարուստ անձն էք, որ ներշնչել էք մեզ ձեր խոնարհութեամբ: Եւ մենք հասկացել ենք, որ ինչքան բարձրացել էք գիտութեան ճանապարհին՝ որպէս Աստուծոյ ստեղծած մարդ, այնքան նաեւ ձեր մէջ խորացրել էք խոնարհութիւնը եւ նուիրուածութիւնը. սա բացառիկ յատկանշական մըն է: Բայց երբ խօսում ենք ձեր մասին նաեւ որպէս բառարանագէտ, մենք հասկացել ենք, որ բառեր էք հնարել որպէս գիտնական, իւրաքանչիւր բառի մէջ խտացրել էք ամբողջ գիտութիւն մը, որովհետեւ այդ նոյն բառին հնարքը թելադրել է ձեզ լուրջ մտածողութիւն ճանաչողութիւն»:
Այնուհետեւ, իր շնորհակալութիւնները յայտնելէ ետք տոքթ. Յովիկ Մելիտոնեանին, բանաստեղծ, արձակագիր Գէորգ Քրիստինեանին եւ հանդիսավար Սարգիս Մաճառեանին, տօքթ. Դանիէլեանին ուղղելով իր խօսքը, սրբազան հայրը եզրակացուց. «Մեզի կը մնայ շնորհաւորել ձեզ, որպէս 94ամեայ երիտասարդ գիտնականին (ընդհանուր խն-դուք եւ ծափահարութիւն սրահին մէջ): Արդէն երբ առաջին անգամ իմ սենեակից ներս մտաւ տօքթ. Ալֆրէդ Դանիէլեանը, կարծէք տաք հոսանք մը մտաւ սենեակէն ներս, կրակ մը ներս մտաւ (դարձեալ ընդհանուր խնդուք), իր փոքրիկ կազմով, արագաշարժ, եռանդով լեցուն… զգացի, որ ամէն վայրկեան իր մէջ կեանք ծնող մա՛րդն էր տօքթ. Ալֆրէդ Դանիէլեանը: Մնացէք միշտ այդպէս՝ խանդավառ, լաւատես, պայծառ միտքով, լեցուն հոգւով-սրտով եւ բարի զգացումներով, Աստուծոյ սէրը ձեր մէջ կրելով Աստուծոյ շնորհները միշտ մեծ սիրով բաշխելու՝ յանուն հանրութեան բարութեան: Ձեզ անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք եւ կը հրաւիրենք ձեր սրտի խօսքին: Հրամմեցէք» (ջերմ ծափահարութիւններ):
Յայտնապէս ազդուած, տօքթ. Ալֆրէդ Դանիէլեան, բոլորին ուղղուած շնորհակալական իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Առողջապահական եւ բժշկական նորութիւններով ու հարցերով առատ մեր ներկայ ժամանակի եւ ամերիկեան միջավայրի մէջ, բոլորիս համար հրամայական պահանջ է առողջապահական այդ հարցերի մասին տեղեկացուած լինելը, դրանք դիմակայելու համար նախապատրաստուելը: Ցաւալի է հաստատել, որ ներկայ հայ իրականութեան մէջ հազուագիւտ են բժշկական յօդուածներն ու գրքերը, որի պատճառով, ափսոս, մեր ժողովրդի մեծագոյն մասը զուրկ է առողջապահական տարրական գիտելիքներից եւ սովորական տերմիններից: Այսօր, անվիճելիօրէն անհրաժեշտ է այն, որ առողջ լինելու համար պիտի տեղեակ՝ գիտակ լինել: Մարդ որքան տիրապետում է առողջապահական գաղտնիքներին, այնքան նահանջում է հիւանդութիւնը եւ երկարում՝ կեանքը: Անտեղեակութիւնը բոլոր հիւանդութիւններից աւելի վտանգաւոր է:
«Ահա այս փոքր ակնարկից ելնելով հեղինակեցի «Ժամանակակից Հիւանդութիւնների Ճանաչումը» հատորը, լրացնելու համար այս կենսական բացը, մատուցելով օգտակար եւ կենսական առողջապահական տեղեկութիւններ բոլոր խաւերի համար: Հպարտ եմ յայտարարելու, որ այս աշխատութիւնը իր տեսակի մէջ եզակի է:
«Այսօր հրճուանքի եւ ուրախութեան օր է ինձ համար, որ հաւաքուել էք պատուելու իմ այս հինգերորդ աշխատութիւնը: Շնորհակալութիւն ձեզ բոլորիդ: Շնորհակալութիւն, նախ սրբազան հօր, այս շնորհանդէսի կազմակերպման համար: Շնորհակալութիւններ տօքթ. Յովիկ Մելիտոնեանին, պրն. Գէորգ Քրիստինեանին եւ Սարգիս Մաճառեանին եւ «Երեւան» տպարանի սեփականատէր Սարգիս Թօփալեանին իր բարեխիղճ աշխատանքի համար: Շնորհակալութիւն իմ ընտանիքին, տիկնոջս՝ Սեդային, զաւակներիս՝ Արսէնին եւ Շաքէին, թոռներիս՝ Ալֆրէդին, Նայիրիին եւ Սեւանին: Շնորհակալութիւն նաեւ «Սարգիս Փէյստրի»ին, իր հիւրասիրութեան համար»:
«Ինձ համար կրկնակի երջանկութիւն կը լինի, եթէ իմ թէ՛ այս եւ թէ միւս գրքերս օգտակար լինեն մարդկանց, իմ ազգին, ժողովրդին: Նորից, երիցս շնորհակալութիւն ձեզ բոլորիդ»:
Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին տօքթ. Դանիէլեան մակագրեց ներկաներու կողմէ գնուած իր գրքերը: