
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայկական կարմիր խաչը՝ աւստրիական կառավարութեան տրամադրած միջոցներով, մեծ օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է Հայկական կարմիր խաչի նախագահ Մխիթար Մնացականեան։ Անոր համաձայն, Դեկտեմբեր 2013էն մինչեւ Մայիս 2014 Կարմիր խաչը՝ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան միջոցով, շուրջ 270 հազար եուրօ արժող օգնութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած շուրջ 300 սուրահայ ընտանիքներու:
Մնացականեան նշած է, որ իրենց կազմակերպութիւնը մնայուն կերպով կ՛արձագանգէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ընկերային-առողջապահական խնդիրներուն եւ բաւական լուրջ աշխատանք կը տանի նաեւ սուրահայերուն օգնելու նպատակով: «270 հազար եուրոյի օգնութիւնը կը լինի մասնագիտացման՝ արուեստ կամ արհեստ սովորեցնելու, ինչպէս նաեւ հագուստ, սանիտարահիգիենիկ պարագաներ, սննդամթերք, անհրաժեշտ այլ պարագաներ գնելու տեսքով», նշած է Մնացականեան:
«Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաջեան նշած է, որ այս ծրագիրը հայաստանաբնակ սուրահայերուն տրամադրուած ամէնէն մեծ օգնութիւններէն է։ «Ընտանիքներին կը տրուի ոչ թէ գումարը, այլ այն ապրանքը կամ ծառայութիւնը, որի կարիքը նրանք ունեն: Օրինակ՝ եթէ ինչ-որ մէկը մասնագիտութեամբ դերձակ է եւ ունի կարի մեքենայի կարիք, ապա մենք մեքենան կը տանք նրան եւ այդ կերպ կ՛օժանդակենք», բացատրած է ան։