
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեան իր աւարտին հասցուցած է Համօ Սահեանի ծննդավայրին՝ Սիւնիքի մարզի Լոր գիւղին մէջ տեղադրուելիք յուշարձանի ուրուանկարը: Քանդակագործին համաձայն, պազալթէ քանդակը պիտի ունենայ 2.5 մեթր բարձրութիւն: «Նախատեսւում է, որ արձանի վրայ տեղ են գտնելու նաեւ բանաստեղծի ստեղծագործութիւններից որեւէ մէկի տողերը», «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Գետիկ Բաղդասարեանը:
Ան նշած է, որ գործին սկսելու համար կը պակսին միայն նիւթական միջոցները, որոնք յառաջիկային պիտի գոյանան։ Քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեանը Համօ Սահեանի քանդակի բազմաթիւ ուրուանկարներ հեղինակած է. ան շատ մտերիմ եղած է գրողին, ինչ որ մեծապէս կ՛օժանդակէ քանդակը աւելի հարազատութեամբ, գիծերու մանրամասնութեամբ ներկայացնելու։
Համօ Սահեանի գլխաւոր արձան-ժայռաբեկորի հեղինակը եւս Գետիկ Բաղդասարեանն է: Քանդակը կը գտնուի Սիսիան քաղաքի կեդրոնական հրապարակին յարող փողոցզբօսայգիին մէջ:
14 Ապրիլ 2014ին կ՛ամբողջանայ մեծ բանաստեղծ Համօ Սահեանի 100ամեակը: Անոր ծննդավայրին՝ Սիւնիքի մարզի Սիսիանի տարածաշրջանի Լոր գիւղին մէջ գտնուող հայրական տան մէջ տեղի կ՛ունենան վերանորոգման աշխատանքներ՝ Զարգացման գրասենեակի միջոցով: Նախատեսուած է, որ անիկա կը վերածուի տուն-թանգարանի, որուն մօտակայքը պիտի տեղադրուի վերոյիշեալ յուշարձանը։