
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Դերասան Վարդան Պետրոսեան «Քանկոր» սրտաբանական բժշ-կական կեդրոնէն արդէն տեղափոխուած է «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկ: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դերասանին պաշտպան փաստաբանը՝ Նիկոլա Բաղդասարեան յայտնած է, որ «Քանկոր» սրտաբանական կեդրոնին մէջ քննութիւններու ենթարկուելէ ետք ի յայտ եկած է, որ անոր կեանքը վտանգուած չէ, ուստի Վ. Պետրոսեանը կրկին տարած են «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»:
Ն. Բաղդասարեան նշած է. «Վարդան Պետրոսեանը շատ վատ ընդունեց այն լուրը, որ Հայաստանի վերաքննիչ դատարանն անփոփոխ է թողել իրեն կալանաւորելու՝ Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի որոշումը»: Վերաննքիչ դատարանը կալանքի որոշման վերանայման բողոքը քննած եւ վճիռը հրապարակած է 21 Նոյեմբերին, իսկ որոշումին հիմքերը պէտք է փաստաբանին ներկայացուէին երեք օրերու ընթացքին։