ՏԵՆՎԸՐ.- Քոլորատոյի հայ համայնքը Նոյեմբեր 16 եւ 17ին նշեց իր 30րդ տարեդարձը՝ եպիսկոպոսական պատարագով ու ժողովրդային կոկիկ հանդիսութեամբ մը։ Քոլորատոյի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան հրաւէրով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. ԱթմաՃեանի եւ Շահէ Ա. սրկ. Ճիէրեանի, Տենվըր հասաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 16ին եւ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Վահէ Պէրէճիքլեանի կողմէ:
Նոյն երեկոյեան, ի պատիւ առաջնորդ սրբազան հօր, ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր՝ նախաձեռնութեամբ հոգաբարձութեան եւ հիւրընկալութեամբ տէր եւ տիկին Գալուստ եւ Արուս Քրիստիանեաններու: Սրբազանը օրհնեց Քրիստիանեաններու բնակարանը եւ ներկաներուն յայտնեց, թէ այս օրհնութեամբ կ՛օրհնէ նաեւ համայնքի բոլոր հայ օճախները։ Հիւրընկալ ամոլին թոռները գեղեցիկ անակնկալով մը ելոյթ ունեցան երգով եւ նուագով:
Կիրակի օր, հաւատացեալները համախմբուած էին Ս. Գաբրիէլ հրեշտակապետի անուան եպիսկոպոսական եկեղեցիին մէջ, ուր առաջնորդը պատարագ մատուցեց եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ս. սեղանին սպասարկեցին Վազգէն քահանան եւ Շահէ սարկաւագը: Պատարագին ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ Քրիս Տիտսընպըրկըր: Պատարագի աւարտին, հաւաքական խոստովանանք տեղի ունեցաւ եւ հաւատացեալները Ս. հաղորդութիւն ստացան, ապա՝ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ:
Պատարագէն ետք, ներկայ հաւատացեալները սիրոյ ճաշի հիւրն էին շրջանի հոգաբարձութեան: Ընթացքին, ատենապետը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք արտասանեց առաջնորդ սբազան հօր եւ Ազգ. առաջնորդարանին, որոնք երեք տասնամեակներէ ի վեր հոգեւոր սնունդ կը մատակարարեն Քոլորատոյի հայ համայնքին: Առաջնորդը, իր կարգին, գնահատեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը, ու գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ հոգաբարձութեան հետ համախորհուրդ՝ ծրագրուած է այսուհետեւ ամսական դրութեամբ կայացնել հոգեւորականներու այցելութիւն եւ Ս. պատարագ։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց նաեւ դպրաց դասը, որ շատ լաւ երգեցողութեամբ մասնակցեցաւ պատարագին՝ խմբավարութեամբ Անուշ Փիթըրսընի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Լիլիան Գրիգորեանի։ Ապա, սրբազանը գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց տեղւոյն հովիւին եւ անոր նուիրեց Ազգ. առաջնորդարանը պատկերող յուշանուէր մը։ Սրբազանը յուշանուէրներ բաժնեց նաեւ բոլոր ներկաներուն:
Քոլորատոյի հայ համայնքի ծխական շրջանի երեսնամեակին առիթով, բարեպաշտուհի մը պատրաստած էր կարկանդակ մը, որ առաւել խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ ներկաներուն: Սիրոյ ճաշը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի ու «Մեր Հայրենիք»ի հաւաքական երգեցողութեամբ եւ առաջնորդին «Պահպանի»չով։ Ներկաները բաժնուեցան անմոռանալի շաբաթավերջ մը ապրած ըլլալու գոհունակութեամբ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.