Քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանին այցելելու նպատակով, շարք մը լրագրողներու դիմումները կը քննուին Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդին եւ գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ, ու հաւանական է, որ մօտ օրէն որոշ լրագրողներ արտօնութիւն ստանան Իմրալըի բանտը այցելելու։ Օճալան ըսած է, որ պատրաստ էր տեսակցելու Ճենկիզ Չանտարի, Հասան Ճեմալի, Էրթուղրուլ Էօզքէօքի հետ, բայց պետութիւնը հաշտ աչքով պիտի չնայի այս անուններուն ու պիտի նախընտրէ արտօնութիւն տալ ուրիշներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.