ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, թէ «Փարիզ տեղեակ էր Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գաղտնի բանակցութիւններէն», աւելցնելով, որ ամերիկացի իր պաշտօնակից Ճան Քերին այդ բանակցութիւնները սկսած պահուն զինք տեղեակ պահած է: Ֆապիւս նշեց նաեւ, որ «մանրամասնութիւններէն տեղեակ չպահուեցանք, սակայն Ճան Քերիի հետ համաձայնեցանք, որ միաժամանակ «5+1»ի (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամները եւ Գերմանիան) բանակցութիւնները շարունակուին՝ ղեկավարութեամբ Քեթրին Էշթընի, որ հոյակապ աշխատանք կատարեց»: Ան ընդգծեց, որ Փարիզի եւ Թեհրանի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի չունեցան:
Միւս կողմէ, «Իթար-Թասս» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա պատասխանած է Իսրայէլի քննադատութիւններուն՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ Ժընեւի մէջ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք: Ան նշած է, որ «մենք չենք կրնար փակել դռները դիւանագիտութեան դիմաց եւ չենք կրնար բացառել միջազգային խնդիրներու խաղաղ լուծումը: Աւելի դիւրին պիտի ըլլայ կտրուկ բանակցութիւններ վարել, սակայն ատիկա նպաստաւոր չէ Ամերիկայի ապահովութեան համար»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.