
ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Վրեմիա» կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Քրեմլին անհիմն կը նկատէ Եւրոմիութեան հետ ընկերակցութեան համաձայնութեան ստորագրումը յետաձգելու Ուքրանիոյ որոշումին պատճառով Ռուսիոյ հասցէին Եւրոպական Միութեան ուղղած մեղադրանքները: «Որեւէ ճնշումի մասին խօսիլը անտեղի է», ըսած է Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ ընկերակցութեան համաձայնագիրը ստորագրելու նախապատրաստական աշխատանքները կասեցնելու Ուքրանիոյ որոշումը Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ սուր քննադատութեան արժանացած էր: Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլթ յայտարարած էր, որ Քիեւ «անսպասելի կերպով խոնարհեցաւ» Քրեմլինին առջեւ, ուր «ակնյայտօրէն կը գործէ դաժան ճնշումներու քաղաքականութիւնը»: Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահները եւս յայտարարած էին, որ տեղեակ են «արտաքին ճնշումներէն, որոնց կ՛ենթարկուի Ուքրանիան»:
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Նիքոլայ Ազարով Քիեւի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, թէ Ուքրանիա մտադիր է Դեկտեմբերին բանակցութիւններու սկսիլ Ռուսիոյ հետ, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու վերականգնման վերաբերեալ. «Մեր հիմնական նպատակը Ռուսիոյ հետ բնական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները վերականգնելն է», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, Վրաստանի խորհրդարանը Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է: Վրացի երեսփոխանները իրենց զայրոյթը յայտնած են «Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներ»ուն կապակցութեամբ: Երեսփոխանները յոյս յայտնած են, որ «դէպի եւրոպական ընտանիք Ուքրանիոյ ճամբան կարելի պիտի չըլլայ կասեցնել»: Իր կարգին, Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Տաւիտ Զալքալիանի ըսած է, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն որոշումը ոչ մէկ անդրադարձ պիտի ունենայ Վրաստանի որոշումին վրայ, միաժամանակ՝ ափսոսանք յայտնելով Ուքրանիոյ որոշումին համար. «Մենք կը մեկնինք Վիլնիուս, պիտի ստորագրենք փաստաթուղթը», ըսած է Զալքալիանի: