
ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Հայաստանցիներուն 25 տոկոսը կ՛ուզէ ժամանակաւոր կերպով աշխատիլ եւրոպական երկիրներու մէջ, 17 տոկոսը՝ յետխորհրդային երկիրներու, 9 տոկոսը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ: 45 տոկոսը պատասխանած է, որ նման երկիրներ չկան: Հարցախոյզին մասնակիցներուն 59 տոկոսը չէ ուզած մնայուն բնակութեան համար տեղափոխուիլ այլ երկիր: Իսկ եւրոպական երկիրներուն նախընտրութիւն տուած է հայաստանցիներուն 20 տոկոսը, յետխորհրդային երկիրներուն՝ 9 տոկոսը եւ Միացեալ Նահանգներուն՝ 6 տոկոսը: Այս արդիւնքը գոյացած է «Կոլլափ ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան կողմէ Հոկտեմբերին կատարուած հարցախոյզին հիման վրայ: Հայաստանցիներուն 64 տոկոսը դրական կը նկատէ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը, շուրջ 66 տոկոսը դրական կը մօտենայ Մաքսային միութեան: Տուեալները հրապարակեց «Կոլլափ ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը։
Ապրիլին կատարուած հարցախոյզին ընթացքին հայաստանցիներուն 67 տոկոսը կողմ էր Մաքսային միութեան անդամակցութեան: Աւելի ուշ կատարուած հարցախոյզին ընթացքին առկայ 3 առ հարիւրի նուազումը Նաւասարդեան բացատրեց 3 Սեպտեմբերէն ետք Մաքսային միութեան անդամակցութեան դէմ ծաւալած հակաքարոզչութեամբ: Հարցախոյզին մասնակիցները նաեւ ներկայացուցած են Մաքսային միութենէն իրենց ակնկալութիւնները։ Հարցուածներուն 38 տոկոսը պատասխանած է՝ տնտեսական աճ, 26 տոկոսը՝ գիներու նուազում, 17 տոկոսը՝ ոչինչ չէ փոխուած եւ 8 տոկոսը՝ գների բարձրացում: Հարցին դժուարացած է պատասխանել հարցուածներուն 18 տոկոսը:
Հարցախոյզին մասնակիցներուն 49 տոկոսին համաձայն՝ Հայաստան մօտ է յետխորհրդային երկիրներու արժեհամակարգին, իսկ 20 տոկոսը նախապատուութիւնը տուած է եւրոպականին: Միեւնոյն ատեն եւրոպական բազմաթիւ արժէքներ ընդունելի են մեր հասարակութեան համար. ազատ խօսքի իրաւունք՝ 86 տոկոս, լրատուամիջոցներու ազատութիւն՝ 74 տոկոս, ազատ տնտեսական յարաբերութիւններ՝ 78 տոկոս, ժողովրդավարութեան բարձր մակարդակ՝ 87 տոկոս եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն՝ 89 տոկոս:
Արամ Նաւասարդեան դիտել տուած է, որ Մաքսային միութեան, ինչպէս նաեւ ԵՄին հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին մասին հանրութիւնը բաւական տեղեկութիւն չունի: Հարցախոյզին մասնակցած են Երեւանէն եւ մարզերէն 1067 անձեր: